Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման եւ ընդհանուր արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկոյցները, որոնք կը դատապարտեն Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ։
«Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, եւ կոչ կ՝ընէ ԵՄ-ին պատժամիջոցներ կիրառելու ատրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի բազմաթիւ խախտումներուն համար»,- նշուած է հրապարակման մէջ։
Բացի այդ, Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կոչ ըրած է կասեցնելու Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւններն ու Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու թատերական իրավիճակը` դադրեցնել նոր գործընկերութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները։
Զեկոյցը կ’ողջունէ ՀՀ-ի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան ստեղծումը, որուն նպատակն է նպաստել տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան բարձրացման։
Եւրոխորհրդարանի յանձնաժողովը ԵԽ-ին կոչ ըրած է նաեւ աւելցնելու առաքելութեան կազմին մէջ տեղակայուած փորձագէտներուն թիւը, առաքելութեան կարողութիւնները եւ աշխարհագրական շրջանակը, ինչպէս նաեւ երկարացնելու անոր տեղակայման ժամկէտը եւս հինգ տարիով: Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ թոյլ տալու նոյն առաքելութեան տեղակայումը իր տարածքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Եւրոպական խորհուրդին կոչ եղած է` պատրաստ ըլլալու նպատակային եւ անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու եւ դադրեցնելու քարիւղի ու կազի ներմուծումը Ատրպէյճանէն՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ ցանկացած ռազմական յարձակման պարագայի։
Զեկոյցին մէջ պահանջ ներկայացուած է` պաշտպանելու հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ UNESCO-ի չափանիշներուն եւ Ատրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։
Եւրոխորհրդարանի յանձնաժողովէն կը նշեն, որ կ’աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններուն, որոնք լրջօրէն խոչընդոտուած են Լեռնային Ղարաբաղի դէմ վերջին ռազմական գործողութեան եւ իրողապէս ցեղական զտումներու պատճառով։
Զեկոյցը նաեւ ողջունած է Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու որոշումը։