Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր ստորագրած է երկրի մէջ նախագահի արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու վերաբերեալ։
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը հաղորդէ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Ալիեւի հրամանագրին համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ 2024 թուականի Փետրուարի 7-ին տեղի կ’ունենան նախագահական արտահերթ ընտրութիւններ։
Յիշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահի հերթական ընտրութիւնները նախատեսուած էին 2025 թուականին։