ՀՀ ԱԳՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻ «ՄԱՐԳԱՐԱ» ԱՆՑԱԿԷՏԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման:

«Հայկական կողմը կ’ակնկալէ թրքական կողմէն եւս դրական ազդակներ ստանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ», յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ առանց այլ մանրամասնութիւն յայտնելու ըսաւ, որ Երեւանի ու Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչներու հաւանական հանդիպման մասին քննարկում այս պահուն չկայ:

Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ մինչեւ հիմա պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ՝ Վիեննայի մէջ: Այդ հանդիպումին կողմերը համաձայնած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ամէնէն սեղմ ժամկէտներուն մէջ: Իրականացման հարցին մէջ, սակայն, յառաջընթաց չկայ: