ՀՀ առեւտրական նախարարի տեղակալ Նարեկ Տէրեանը Թեհրան կատարած այցի ընթացքին հանդիպած է ԻԻՀ արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարարի տեղակալ, ԻԻՀ առեւտուրի զարգացման կազմակերպութեան տնօրէն Մեհդի Ջեյղամիի հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ ԻԻՀ-ում ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արսէն Աւագեանը եւ ԻԻՀ-եան մէջ ՀՀ առեւտրական կցորդ Վարդան Կոստանեանը։
Հանդիպման ժամանակ կողմերը կարեւորած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ քննարկած են այն ուղիները, որոնց շնորհիւ հնարաւոր կ’ըլլայ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները հասցնել մինչեւ 3 մլրդ տոլարի։
Քննարկուած թեմաներու կարգին էր նաեւ Հայաստանի մէջ իրանական ապրանքներու առեւտուրի կեդրոնի մը բացման վերաբերող հարցեր։
Սոյն այցի ժամանակ՝ Նարեկ Տէրեանը հանդիպած է նաեւ ԻԻՀ գործակցութեան, աշխատանքի եւ ընկերային բարեկեցութեան նախարարի տնտեսական եւ ընկերային հարցերով տեղակալ Ալիռեզա Ասգարեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկած են համատեղ արտադրութիւններ հիմնելու, ինչպէս նաեւ՝ անցեալին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ընթացքին առնչուող հարցեր։