Վերջերս, տեղի ունեցած «Ղարաբաղ. վերադարձ տուն 30 տարի անց. ձեռքբերումներ եւ դժուարութիւններ» քննարկման ժամանակ, որ կազմակերպած է ԶՀԳ համալսարանը Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնին հետ համատեղ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտնած է. «Ես յոգնած եմ կրկնելէ, որ մենք նպատակ չունինք զէնքով գրաւելու միջանցք, կրնանք այլ տարբերակներ դիտարկել»:
«Միշտ ըսած եմ՝ մենք կարիք ունինք Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ հետ կապի, նաեւ համաձայնած ենք իրանեան կողմին հետ, որ շրջանցող ճանապարհ կառուցենք, այո՛, այդ թանկ տարբերակ է, բայց շինարարութիւնը արդէն սկսած է, իսկ Հայաստանը այս պարագային շատ բան կը կորսնցնէ: Անոնք կրնան եւրոպական վարկերով կառուցել այդ 42 քմ ճանապարհը՝ իրենց ինքնիշխանութեամբ, բայց Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապի համար դիւրին հասանելիութեամբ», աւելցուցած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Այս ծիրին մէջ կոծկելով սեփական սխալներն ու չտեսնելով անձնական մեղաւորութիւնը՝ Ալիեւ մեղադրած է Հայաստանը եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները խախտելու համար:
«Ես բազմիցս խօսած եմ Փաշինեանի հետ՝ հարցնելով, թէ ինչո՞ւ չի կատարեր եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, որ յստակօրէն կ’ըսէ, որ ուղիղ կապ պէտք է հաստատուի Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ, որով նոյնիսկ կ’ըսուի, թէ ով պէտք է ապահովէ վերահսկողութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Այդ ՌԴ սահմանապահ ծառայութիւնն է՝ ռուսական ԱԴԾ-ն», ըսած է ան։