ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ՝ Մեթիու Միլլըր ճեպազրոյցի ընթացքին, ի պատասխան լրագրողի հարցումին, անդրադարձած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ճէյմզ Օպրայընի այցին Պաքու եւ Ատրպէյճանի հետ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն:
Իր խօսքին մէջ Միլլըր ընդգծած է, որ Ուաշինկթընը երբեք չէ յայտարարած Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան դադրեցման մասին՝ շեշտելով, որ այդ պիտի հակասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն։
«Կը կարծենք, որ այդ պիտի հակասէր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման շահերուն, եթէ մենք պարզապէս դադրեցնէինք մեր բոլոր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ», յայտնած է ան:
Մեթիու Միլլըրը նաեւ յաւելած է. «Մենք կը շարունակենք անմիջականօրէն համագործակցիլ ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի հետ, որպէսզի յստակացնենք, օրինակ, Ատրպէյճանի պարագային, թէ ուր կան մտահոգութիւններ: Մեզի անհանգստացուցած է վերջին շրջանին լրագրողները կալանաւորելու միտումները։ Կը շարունակենք կոչ ընել անոնց՝ յարգելու մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ինչի մասին ես խօսած եմ այս ամպիոնէն նախապէս»:
Միլլըրի խօսքով՝ Ուաշինկթընը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ՝ վերջինիս կոչ ընելով ձգտելու կայուն խաղաղութեան Հայաստանի հետ։
«Այդ պիտի շարունակէ մնալ մեր դիւանագիտական ջանքերու առանցքին», նշած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։
Ան նաեւ ընդգծած է մարդու իրաւունքներու հետ կապուած հարցերուն կարեւորութիւնը Ուաշինկթընի համար «նման տեսակի դիւանագիտական ներգրաւուածութեան պարագային»: