«Ռուսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Երեկոն Վլատիմիր Սոլովեւի հետ» հեռուստաբանավէճի ծիրին մէջ, Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտարարած է, որ հայերուն պէտք է արտօնել ազատագրել իրենց արեւմտեան տարածքները, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:
«Հայերը ատիկա կ՛ընէին 1918 թուականին, եթէ Մոսկուան օգնէր, սակայն, ան անցած էր Թուրքիոյ կողմը։ Եթէ մենք հայերուն թոյլ տանք ազատել իրենց արեւմտեան տարածքները, անոնք ուրախութեամբ կ՚ազատագրե՛ն»,- ըսած է ան:
Վլատիմիր Ժիրինովսքի խօսած է նաեւ քիւրտերուն օգնելու մասին: «Քիւրտերը կը սպասեն մեր օգնութեան, եթէ մենք քիւրտերուն ըսենք, որ կը ճանչնանք իրենց անկախութիւնը: Անոնց թիւը, ինչպէս յայտնի է, կը հասնի 20 միլիոնի, իսկ յստակ է, որ մայրաքաղաքը Տիարպէքիրն է: Այսպիսով Արեւելեան Անատոլիան պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ ինչպէս է հիմա: Իբրեւ արդիւնք՝ մենք պիտի ունենանք անկախ Քիւրտիստան եւ Մեծ Հայաստան»,- յայտնած է Վլատիմիր Ժիրինովսքի։