150 միջազգային գործիչ Ալիեւէն կը պահանջեն ազատ արձակել Ռուբէն Վարդանեանն ու բոլոր ապօրինաբար կալանաւորուածները

Աւելի քան 150 միջազգային մարդասիրական, քաղաքական գործիչ եւ գործարար պահանջած են ազատ արձակել Ռուբէն Վարդանեանն ու միւսները։

«Վառելիքի, դեղորայքի եւ պարէնամթերքի մատակարարման ապօրինի արգելքէն ետք, որ տեւեց ինը ամիս, Ատրպէյճանը Սեպտեմբեր 19-ին սկսաւ արիւնալի ռազմական գործողութիւն եւ ներխուժեց Լեռնային Ղարաբաղ: Այս գործողութիւններուն հետեւանքները հարիւրաւոր սպաննուածներ, հազարաւոր վիրաւորներ եւ գրեթէ 120,000 մարդոց՝ փաստօրէն Արցախի ողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումն էին։ Համաշխարհային հանրային կարծիքով՝ ատիկա հաւասարազօր է ցեղական զտումներու։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները Ատրպէյճանի գործողութիւնները անուանած են ցեղասպանութիւն:

Յայտնի հայ բարերար եւ մարդասիրական գործիչ, Արցախի նախկին պետ նախարար Ռուբէն Վարդանեանը ապօրինի բերման ենթարկուած է, երբ ան եւ այլ քաղաքացիներ կը մեկնէին Հայաստան։ Անոր ձերբակալութիւնը յատկապէս մտահոգիչ է, քանի որ Արցախին միջազգային աջակցութիւն ներգրաւելու անոր ջանքերը Վարդանեանը դարձուցած են Պաքուի կառավարութեան թիրախը։

Ի թիւս այլոց՝ հանրապետութեան երեք նախկին նախագահներ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը, Բակօ Սահակեանն ու Արկադի Ղուկասեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ Դաւիթ Բաբայեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Իշխանեանը եւ Դաւիթ Մանուկեանը։ Շատ այլ հայեր դեռ կը պահուին ապօրինի կերպով։ Այս մարդոց առողջութեան եւ ինքնազգացողութեան մասին առկայ ծայրայեղ սահմանափակ տեղեկատուութիւնը տագնապալի է…

Անոնք բոլորը կալանաւորուած են ներպետական եւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտումով, ներառեալ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական համաձայնագիրը, որուն միացած է նաեւ Ատրպէյճանը…

Ամէն օր կարեւոր է բանտարկեալներու կեանքին համար. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցանկացած խաղաղ համաձայնագիր պէտք է պայման ներառէ անոնց ազատ արձակման համար։

Մենք կոչ կ՝ընենք նախագահ Իլհամ Ալիեւին անյապաղ ազատ արձակելու նշուած ապօրինի ձերբակալուած բոլոր անձերը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։