ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶ. «ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ԱՐՑԱԽԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՎ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ՅԱՏՈՒԿ ՔՆՆՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲ»

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան գործով պիտի ստեղծուի յատուկ քննչական խումբ: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Կեամրան Ալիեւ։
«Բոլոր քննչական գործողութիւնները պիտի իրականացուին Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան եւ միջազգային համաձայնութիւններուն համապատասխան: Ատրպէյճանի ժողովուրդը ամբողջութեամբ պիտի տեղեկացուի այս հետաքննութեան ընթացքին եւ անոր արդիւնքներուն մասին։ Մենք ատիկա կ’ապահովենք։ Նախաքննութիւնը աւարտելէն վերջ գործը պիտի ուղարկուի դատարան», ըսած է ան։