Ատրպէյճանցիները կը շարունակեն աւերել Լ. Ղարաբաղի մէջ կանգնեցուած յուշակոթողները

Ատրպէյճանցիները աւերած են Օմարի լեռնանցքին մէջ զոհուած Տիգրան Աբրահամեանի եւ ընկերներու յիշատակին կանգնեցուած խաչքար-յուշաղբիւրը Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս բնակավայրի Թթու ջուր կոչուող տարածքին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Պատմամշակութային Ժառանգութեան Գիտահետազոտական Կենտրոն» ՊՈԱԿ-ը:

Հասարակական հարթակներու վրայ տարածուած տեղեկութեան համաձայն՝ Աղանուս գիւղին մօտ գտնուող պատմական աղբիւրին շրջակայքը զանգուածաբար հատուած են ծառեր։

Քաշաթաղի մէջ բնակութիւն հաստատած ատրպէյճանցիները տեղեկացուցած են, որ այնտեղ պիտի կառուցուի հանգիստի կեդրոն եւ ճաշարան։ Մինչդեռ Ատրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Աղանուս գիւղին մէջ իրականացուած շինարարական աշխատանքները կատարուած են կամայականօրէն եւ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ որեւէ արտօնութիւն չէ տրուած։