Չորեքշաբթի՝ 13 Դեկտեմբեր 2023-ին, Հայկական-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում: Ատրպէյճան Հայկական կողմին յանձնեց 32 Հայ զինուորներ, իսկ Հայաստան յանձնեց 2 ատրպէյճանցիներ:
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յիշելով, որ 32 գերիները կը գտնուին Հայկական հողի վրայ եւ այժմ կ’ենթարկուին բժշկական ստուգման, որմէ ետք անոնք պիտի միանան իրենց հարազատներուն:
Ըստ հայաստանցի իրաւապաշտպաններուն, այժմ Պաքուի մէջ կը պահուին 23 հայեր, որոնց շարքին Արցախի նախկին ղեկավարները:
Աւարտին յիշենք, որ Ատրպէյճան ազատ չարձակեց լիբանանահայ Վիգէն Էօլճեքեանը, հակառակ անոր որ գերիներու փոխանակման նախնական ցուցակին մէջ կար Վիգէն Էօլճեքեանի անունը: