Խոր ցաւով կը գուժենք մահը սփիւռքահայ գրականութեան արդի ժամանակներու մեծագոյն դէմքերէն Զարեհ Խրախունիի (բուն անունով՝ Արթօ Ճիւնպիւշեան), որ պատահեցաւ Նոյեմբեր 27, 2015-ին Պոլսոյ մէջ, յետ երկարատիւ հիւանդութեան:
Ծնած էր Պոլսոյ Եշիլգիւղ շրջանին մէջ: Ուսանած եւ 1945-ին աւարտած էր Պոլսոյ Վիէննական Մխիթարեան Լիսէն ապա հետեւած էր իրաւաբանութեան, փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան դասընթացքներու: 1951-ին մեկնած էր Փարիզ ուր ուսանած էր գեղարուեստի եւ մշակոյթի պատմութիւն: Պոլիս վերադառնալով Սպայից Վարժարանին մէջ իր զինուորական ծառայութիւնը վերջացնելէ ետք եօթ տարիներ ուսուցչական պաշտօններ վարած էր Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: Զբաղած է նաեւ հնաբանութիւններու ուսումնասիրութեամբ եւ հնութիւններու առեւտուրով:
Խրախունին եղաւ յետ-Եղեռնեան եւ ժամանակակից մեր գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մին, եւ ռահվիրան ու հիմնադիրը մեր արդի գրականութեան ու բանաստեղծութեան՝ «Առարկայական Սէմպոլիզմ» (Objective Symbolism) դպրոցին: Ժամանակ մը վարած է Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գրական բաժնի խմբագրի պաշտօնը: Հեղինակ է 26 հատորներու, որոնց 16-ը՝ բանաստեղծութիւններ են, միւսները՝ թարգմանութիւններ, դասագրքեր, փիլիսոփայական տեսութիւններ, եւլն: Այցելած է Հայաստան եւ Սփիւռքի բազմաթիւ կեդրոններ, ներառեալ Մոնթրէալ:
Իր մահը կը սգան իր կողակիցն ու երկու դուստրերը իրենց ընտանիքներով: