Աշխատանքը Կը շարունակուի

Թուական՝ 1994, վայր Մոնթրէալ: Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչականներէն Յովիկ Ալպարեանի նախաձեռնութեամբ ու Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարներէն Արթօ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.-ը  կը ներկայանայ SAAQ (Société de l’assurance automobile du Québec) մասնաճիւղի մը ղեկավարելու իրաւունք ստանալու մրցոյթին:

Թերահաւատները շատ էին, բայց զոյգ ղեկավարները դիմագրաւեցին մարտահրաւէրը եւ լծուեցան երկարամեայ թեկնածութեան թղթածրար պատրաստելու աշխատանքին:

Ի վերջոյ, բծախնդիր ու համադրուած պատրաստութիւնը, արդիւնք տուաւ ու գաղտնօրէն թուագրուած թեկնածութիւնը արժանացաւ St-Laurent քաղաքի մէջ MANDATAIRE SAAQ-ի առաջնակարգ դիրքի:

Ուրեմն Միութիւնս 1995 թուականէն սկսաւ իրեն վստահուած պարտաւորութիւնները կատարել Մոնթրէալի քաղաքացիներուն:

Պրն. Արթօ Մանուկեանի շարունակական ուշադրութեան եւ ղեկավարութեան տակ, տարիէ տարի նիւթական եկամուտ մը կ’ապահովէ Միութիւնը, սակայն այս պարագային, իբրեւ Business, հայկական աղբիւրներէ անջատ:

Այս նախաբանը ներկայացուցինք պարզապէս ծանուցելու, որ Marcel Laurin բանուկ պողոտայի գտնուող գրասենեակը, իր գործունէութեան վերջ տուաւ եւ 18 Դեկտեմբեր 2023-էն տեղափոխուեցաւ Place Vertu Shoping Center-ին մէջ:

Նոյն օրը գրասենեակի աշխատանքային ժամերէն առաջ ճոխ հիւրասիրութեամբ մը եւ հոյլ մը քաղաքական, միութենական, վաճառական հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ SAAQ-ի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը նոր ու զարդարուած գրասենեակին:

5 ամիսներ ծրագրուած այս տեղափոխութիւնը իր լրումին կը հասնէր ու արդէն ամսուն 18-էն սկսեալ կը դիմաւորէր յաճախորդներու պատկառելի թիւ մը:

Նոր վայրը տակաւին անծանօթ է շատերուն: Ուրեմն լաւ է որ Մոնթրէալահայութիւնը գիտնայ նոր գրասենեակի հասցէն:

Mandataire SAAQ Saint-Laurent

3131 Boul Cote – Vertu

St-Laurent, QC H4R 1Y8

Աւարտին, կը շնորհաւորենք եւ բարձր կը գնահատենք նախ այսպիսի հայեացք ունեցողներու հաւատքը, ուր իրենց տեսլականով եւ աշխատանքով՝  յաջողութիւններ ձեռք կ’ապահովեն, օգտակար դառնալով Միութեան եւ անոր գործունէութեան:

Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքով: