«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ»

ԱՐԱ ԿԷՐԻՔԵԱՆ

24 Հոկտեմբեր Շաբաթ երեկոյեան Համազգայինի Նիւ Ճըրզի և Նիւ Եորքի մասնաճիւղերը հիւրընկալեցին հայրենի ու պոլսահայ երկու թանկագին երգչուհիներ՝ Նունէն և Սիպիլը, Bergen PAC հանդիսասրահէն ներս, հովանաւորութեամբ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան: Հազարէ աւելի ներկաներ մեծ հաճոյքով հետեւեցան այս անմոռանալի համերգին: Նունէ Եսայան արդէն ամիսներէ ի վեր սկսած էր իր շրջապտոյտին, անցնելով Եւրոպա ու Ամերիկայի բազմաթիւ հայաշատ քաղաքներէն: Իսկ արեւմտեան մշակոյթի մայրաքաղաք Պոլիսը ներկայացնող Սիպիլը, որ արժանացած էր «Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի» տիտղոսին արդէն մօտէն ծանօթ էր ամերիկահայութեան: Համերգին իրենց թանկագին մասնակցութիւնը բերին նաեւ Նայիրի Պարախումբը և Արեգակ Մանկանց Երգչախումբը, որոնք վստահաբար պիտի ըլլան մեր մշակոյթի ապագայ պահապանները:

Սիպիլ իր հրեշտակային ձայնով և զգացումով լի մեկնաբանութեամբ, անգամ մը եւս գրաւեց ներկաներու սրտերը, անոնց հրամցնելով դասական ու ժողովրդական երգեր: Իր երգացանկին մէջ կային պոլսահայ սիրուած յօրինող Մաժակ Թօշիկեանի ստեղծագործութուններէն Նամակ, Ծառաւ Սէր, Տեսնեմ Անին, Կեանքի մը համար, Աւետեաց Երկիր և Մեր Լեզուն երգերը: Սիպիլ իր յայտագիրը շարունակեց ու վերջացուց մեկնաբանելով Բարի Արագիլ, Իմ Անուշ Տաւիղ, Օրօր, Ազգ Փառապանծ և Գետաշէն երգերը:

Ելոյթ ունեցաւ տաղանդաւոր ջութակահար Նունէ Մէլիքեան ներկայացնելով կոմիտասեան սիրուած եղանակներ:

Ապա իր պատկառելի հմայքով բեմ բարձրացաւ Նունէ որու ծրագիրը արդէն նկարներով ճոխացած, խտացումն էր Հայ ժողովուրդի վերջին 150 տարիներու պատմութեան: Խիստ խնամեալ ու բացմահարուստ երգացանկին մաս կը կազմէին Հով Առէք, Խնկի Ծառ, Քամանչա, Պրոյի, Զարթիր Լաօ, Արդեօք Ովքեր են, Կիլիկիա, Վայ Նարէ, Մարտիկի Երգը և Հայ ենք Մենք՛ի նման աւելի քան քսան երգեր, որոնք արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու: Ներկաներու խանդավառութեան արդիւնք, Նունէ իբր առաջին ունկնդրութիւն, երգեց ՀՀ Հանրապետութեան առաջին տիկնոջ Ռիթա Սարգսեանի յօրինած «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խիստ զգայացունց երգը:

Հոս կ՛ուզենք շնորհաւորել զոյգ շնորհալի երգչուհիները, մասնակից նուագախումբ ու պարախումբերը և մասնաւորաբար կազմակերպիչ մարմիններու անձնուէր անդամ ու անդամուհիները: Ապրիք բոլորդ, շատ ապրիք քանի որ մեզի ապրեցուցիք այս հրաշալի և անմոռանալի երեկոն: