Երկուշաբթի՝ 1 Յունուար 2024-ին, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) նախագահութիւնը Ռուսիայէն անցած է Հայաստանին։ Հանրապետութիւնը ողջ տարուան ընթացքին պիտի նախագահէ նաեւ ԵԱՏՄ մարմիններու մէջ՝ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի, Եւրասիական միջկառավարական եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդներուն մէջ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ТАСС գործակալութենէն։
Միութիւնը կը ներառէ հինգ պետութիւն՝ Ռուսիան, Պելառուսը, Հայաստանը, Ղազախիստանը եւ Ղրղզիստանը։
Խօսելով Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն մասին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի ուշ նշած էր, որ ԵԱՏՄ-ն տնտեսական համախմբում է, որ պէտք չէ ունենայ քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական օրակարգ։ «Խորհրդանշական է, որ Հայաստանի նախագահութիւնը կը համընկնի ԵԱՏՄ մասին պայմանագիրի ստորագրութեան տասնամեակին հետ, որ հիմնուած է այն հիմնարար վարկածի վրայ, որ ԵԱՏՄ-ն տնտեսական համախմբում է, որ պէտք չէ ունենայ քաղաքական, առաւել՝ աշխարհաքաղաքական օրակարգ։ Մենք կը շարունակենք ընկալել եւ զարգացնել մեր փոխգործակցութիւնը տնտեսական համագործակցութեան համար՝ փորձելով ճնշել եւրասիական ներգրաւումը քաղաքականացնելու բոլոր փորձերը», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։