Հռոմի Պապը անմիջական լուծումի կարոտող հարց համարած է արցախցիներուն տուն վերադարձը

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Յունուար 8-ին աւանդոյթի համաձայն Սուրբ Աթոռին մէջ ընդունած է հաւատարմագրուած դեսպաններն ու դիւանագէտները: «Vatican News»-ը հրապարակած է, որ Հռոմի պապի աւանդական ճառի առանցքին այս անգամ խաղաղութիւնը եղած է։

Հռոմի պապը անդրադարձած է հակամարտող պետութիւններուն՝ անիմաստ սպանդ անուանելով պատերազմը։

Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուած իրավիճակին համար։ Ան եւս մէկ անգամ խաղաղութեան կոչ հնչեցուցած է՝ հրատապ համարելով նաեւ արցախցիներու օրինական ու անվտանգ տուն վերադարձի հարցը։