Ատրպէյճանի կրօնական կառոյցներուն հետ աշխատանքի հարցերով Պետական կոմիտէն կանխակալ եւ կեղծ անուանած է 2023 թուականի կրօնական ազատութեան մասին ԱՄՆ հաշուետուութիւնը, որուն արդիւնքներով Պաքուն ընդգրկուած է Պետական Քարտուղարութեան յատուկ վերահսկողական ցուցակին մէջ։ Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոսթի»-ն՝ յղում ընելով Պետական կոմիտէի կայքի յայտարարութեան։
«ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան կողմէ մեր երկրին միջազգային կարգավիճակ չունեցող երկիրներու խումբին մէջ (յատուկ վերահսկողական ցուցակ) ընդգրկելը՝ Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան ոտնահարման ենթադրութիւններու հիման վրայ, ոչ այլ ինչ է, քան քաղաքական մանիփուլիացիա… ԱՄՆ կրօնական ազատութեան հարցերով միջազգային յանձնաժողովի կողմէ ներկայացուած «թերութիւնները» չեն արտացոլեր մեր երկրին իրողութիւնները, լիովին կը հակասեն իրականութեան: Յանձնաժողովի վերոնշեալ հաշուետուութիւններուն մէջ շատ պահեր չեն հետազօտուած, անոնց մէջ յղում կատարուած է հայանպաստ աղբիւրներուն, իսկ երբեմն ալ իրադարձութիւններուն տրուած են միտումնաւոր սխալ բացատրութիւններ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Գերատեսչութիւնը կը կարծէ, որ սխալ բացատրութիւնները «լրջօրէն կը խաթարեն հաշուետուութիւններուն առարկայականութիւնը», որոնք լիովին չեն համապատասխաներ նպատակներուն եւ խնդիրներուն, որ դրուած են զանոնք պատրաստելու ատեն:
Միեւնոյն ժամանակ, գերատեսչութիւնը ԱՄՆ որոշման ետին գտած է ինչ-որ «հայամէտ ուժեր», որոնք իբր «զրպարտչական արշաւ» կ’իրականացնեն Ատրպէյճանի դէմ»՝ Պետական Քարտուղարութեան «խորհուրդ տալով անոնց ջրաղացին ջուր չլեցնել»։
«Պետական Քարտուղարութեան խորհուրդ կու տանք ջուր չլեցնել Ատրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւ իրականացնող հայամէտ ուժերու ջրաղացին, զերծ մնալ երկակի չափանիշերու քաղաքականութենէն եւ քայլեր ձեռնարկել միջազգային իրաւունքի կանոններուն համապատասխան՝ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններու հիման վրայ», ըսուած է Ատրպէյճանի Պետական կոմիտէի յայտարարութեան մէջ:
Աւարտին յիշենք, որ վերջերս ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Ատրպէյճանը ներառած է յատուկ վերահսկողութեան երկիրներու ցուցակին մէջ կրօնական ազատութեան կոպիտ խախտումներու համար։ Ատրպէյճանէն բացի՝ ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ալճերիան, Կեդրոնափրիկեան Հանրապետութիւնը, Քոմորեան կղզիները եւ Վիեթնամը։