Քրիստոս Ծնաւ ու Յայտնեցաւ
Օրհնեա՜լ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի:
Մաղթանք մը, որ միայն ոսկեճաճանչ մեր մայրենի լեզուն ունի արտայայտութեան այս գեղեցկութիւնը:
Այս խթումի նահապետական սովորութիւնը ունեցող հաւաքոյթը, համեմուած այժմէական մթնոլորտով, ստեղծած էր խանդավառ ընտանեկան երեկոյթ մը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնին մէջ:
Սրահին պատշաճօրէն յարդարումը աշխոյժ վարչականներէն՝ Ալին Իրատեանի ձեռքի ձեռագործն էր որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:
Տիկ. Ծովակ Սողիկեան, Թէքէեանի Վարչութեան անունով, շնորհաւորեց նոր տարուայ մուտքը, մաղթելով առողջութիւն, խաղաղութիւն, սէր եւ միասնականութիւն, առանց մոռնալու տեղահան եղած Արցախի ժողովուրդին՝ ուժ եւ համբերութիւն:
Խթումի սեղանին՝ գլխաւորաբար կը մատուցուէին օրհնեալ հացն ու ձուկը: Հետաքրքրական էր տիկ. Սողիկեանի բացատրականը երբ ձուկը յատուկ տեղը ունի եկեղեցական մանրանկարչութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ: Խթումը, այսպէս, վեր կ’ելլէ իր ընկերային երեւոյթէն ու կը վերածուի կրօնական ծիսականութեան եւ կ’ըլլայ խորհուրդ մեծ ու սքանչելի:
Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան՝ առաջնորդ Գանատահայ թեմի, տուաւ իր օրհնաբեր պատգամը, թէ ինչպէս խթումը պահած է թէ’ կրօնական, թէ’ ընկերային բնոյթը. երբ մենք Աստուծոյ լոյսով լեցուելով, միասնաբար կու գանք աւետելու Յիսուս Մանուկի ծնունդը:
Ահաւասիկ գեղեցիկ առիթ մը, երբ սրահիս փոխ-ատենապետուհի Ցոլինէ Մուղալեան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք միշտ սատար հանդիսացած են Թէքէեան Մշակութային Միութեան բոլոր գործունէութիւններուն, իրենց անսակարկ օժանդակութիւնը բերելով:
Ճոխ սեղաններու շուրջ հաւաքուած մօտ 200 հոգի-ներկաները կը վայելէին զանազան համադամներ ու յետոյ քաղցրաւենիներ, իսկ երիտասարդները չէին բաժնուեր պարի հարթակէն, բոլորին կողմէ սիրուած Ժանօ Արապաթլեանի (DJ-ին) խանդավառ պարերգներէն:
Բախտաւորներ վիճակահանութեան այլազան նուէրներու արժանացան:
Առաւօտեան փոքր ժամերուն միայն, ներկաները, համոզուած, բաժնուեցան իրարմէ, զիրար մաղթելով՝
Քրիստոս Ծնաւ ու Յայտնեցաւ
Օրհնեա՜լ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի:
Ներկայ Մը