Անակնկալ հանդիպում Արշակ Բ.-ի հետ

TEKEYAN – ARCHAG II OPERA

 

Ծննդեան (յայտնութեան) յիսնակի չորրորդ Կիրակին էր,  յաճախած եկեղեցիիս պատարագի վերջաւորութեան  դուրս ելլելու պահուս,  ըստ սովորութեան ծանօթ-անծանօթի հետ մի քանի խօսք փոխանակելէ ետք ի դէմ եկայ Մըք-Կիլ համալսարանի երկարամեայ ծանօթ Դոկտ. Ռ. Տէյվիտսոնին հետ:  Վերջինս ինձ ներկայացուց քաղաքս հիւրաբար գտնուող բարեկամին ըսելով՝ «հայերէն ու իտալերէն կը խօսի». անմիջապէս իրար ձեռք առնելով սկսայ հայերէն խօսիլ ապա չակերտաւոր իտալերէն… մտածելով, որ անձը իտալահպատակ հայ է… սակայն ի յայտ եկաւ, Ջեֆրի Կարլ անունով Գանատածին / Բրիտանիացի երգիչ էր Թէնօր / Պարիթօն ձայնային տուեալներով. 2024-ի Մարտ ամսուն Երեւանի Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ հանդէս է գալու Տիգրան Ջուհաճեանի Արշակ Բ.ի դերերգով:  Անմիջապէս հարց տուի թէ ո՞ր տարբերակով պիտի ներկայացնեն եւ ի՞նչ լեզուով:1  Երբ Հայկ Աւագեանին անունը նշեց ու իտալերէնով, հպարտօրէն անդրադարձայ ըսելով՝ «թէեւ տուեալ անձին անձնապէս  չեմ հանդիպած սակայն հեռակայ գործակիցներ ենք». մոռնալով գտնուած վայրս, սկսայ օփերայէն հատուածներ երգել… (ի վերջոյ՝ ուր որ ալ գտնուիս, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, արեան ձայնը կը կանչէ) ըսելով` Արշակ Բ.ի ամբողջական նուագատետրն ու ձայնի դաշնամուրային հատորները գրադարանիս մաս կը կազմեն:  Երգիչը անմիջապէս այցետոմսը փոխանցեց խնդրելով մեր հանդիպման մասին փոխանցեմ Հայկ Աւագեանին նաեւ իր հետ ալ կապ հաստատեմ ապա նկարուելով հրաժեշտ առինք:

Կարծես այդ պահն նախախնամողին կողմէ իմ Նոր Տարուայ նուէրն էր…

1 «Արշակ Բ. Ջուհաճեանի կենդանութեան ամբողջութեամբ չէ բեմադրուած:  Կատարուած են հատուածներ, […]:  Օփերան առաջին անգամ կը բեմադրուի 1945 Նոյեմբեր 17-ին, Երեւանի «Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ, երաժշտութեան բազում փոփոխութիւններով (խմբագիրներ՝ Լեւոն Խոջա-Էյնաթեան եւ Ալեքսանդր Շահվդրդեան) եւ բոլորովին նոր, արեւելահայերէն լիպրեթթոյով {թատերատր} մը

(հեղինակ՝ Արմէն Գուլակեան):

Տե՛ս, Աւագեան Հայկ, Փափազեան Ժիրայր, Տիգրան Ջուհաճեան, «Արշակ Բ., երգի եւ դաշնակի համար, Լիպրեթթօ՝ Թովմաս Թէրզեան, Երաժշտական խմբագրութիւն՝ Հայկ Աւագեան, Թատերական խմբագրութիւն՝ Ժիրայր Փափազեան, Լիպրեթթոյի լեզուական խմբագրութիւն՝ Փասքալ Կապելլոնէ, Գահիրէ 2000:  Եւ կամ «Արշակ Բ., նուագագրութիւն, Գահիրէ 2000:

 

Սամուէլ Քէօշկէրեան

Մոնթրէալ 24 Դեկտեմբեր 2023