Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանութենէն. « Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն շրջանային կայունութեան»

Վրաստան պատրաստ է համագործակցելու իր դրացի երկիրներուն հետ` շրջանային հաղորդակցութիւններու բազմազանեցման եւ ամրապնդման ընդհանուր նպատակին հասնելու համար:

Այս մասին ընդգծած են Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանութենէն` պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին, թէ Վրաստանը ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի կառավարութեան առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:

«Մենք կը ճանչնանք Կովկասի ռազմավարական նշանակութիւնը իբրեւ հաղորդակցութիւններու համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող շրջան եւ ատոր աճող կարեւորութիւնը կապի ապահովման գործին մէջ:

«Վրաստանը պատրաստ է համագործակցելու դրացի երկիրներուն հետ` շրջանային հաղորդակցութիւններու բազմազանեցման եւ ամրապնդման մեր հասարակաց նպատակին հասնելու համար: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն շրջանային կայունութեան, տնտեսական աճին եւ կապերու ընդլայնման», նշած են Վրաստանի դեսպանատունէն: