Էմանուէլ Ճգնաւորեան կը դառնայ Միլանի սիմֆոնիկ նուագախմբի երաժշտական ղեկավար

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունէն կը յայտնեն որ
Միլանի սիմֆոնիկ նուագախմբի նոր երաժշտական ​​ղեկավարը կը դառնայ վիեննացի հայկական ծագումով Էմանուէլ Ճգնաւորեանը։

«Արուեստի զաւակ, ընդամէնը 28 տարեկան Ճգնաւորեանն արդէն ունի հիանալի ուսումնական ծրագիր, նաեւ որպէս ջութակահար. անցեալ տարի ան Չայլիի հետ բացաւ Լա Սկալայի Ֆիլհարմոնիկ սեզոնը»,-նշուած է Իտալիայի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղին է յիշել, որ Էմանուէլ Ճգնաւորեանը ղեկավար, կոմպոզիտոր Լորիս Ճգնաւորեանի որդին է: