Իլհամ Ալիեւ. «Եթէ «Զանգեզուրի Միջանցքը» չբացուի, Հայաստանի հետ սահմանը այլ վայրի մէջ չենք բանար»

Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան մարդիկ եւ բեռները պէտք է անցնին առանց որեւէ սահմանային կամ մաքսային ստուգման: Այս մասին տեղական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` նշելով, որ հակառակ պարագային Հայաստանը ընդմիշտ պիտի մնայ փակուղի:

«Եթէ իմ կողմէ յիշատակուած երթուղին` Զանգեզուրի միջանցքը, չբացուի, ապա մենք մեր հերթին մտադիր չենք բանալու Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ հատուածի մէջ: Այսինքն` այդ կերպ անոնք աւելի շատ վնաս պիտի ստանան քան օգուտ», ըսած է ան:

Ալիեւ յիշեցուցած է` կայ երթուղի Մեղրիի տարածքով, այն գոյութիւն ունեցած է խորհրդային շրջանին, աշխատած է երկաթուղի, կառուցուած է մայրուղի:

«Հաղորդակցութիւնը պէտք է ապահովուի այդ երթուղիով։ Եթէ Հայաստանը մեր պայմանը չկատարէ, ապա ան յաւերժ պիտի մնայ տարածաշրջանի փակուղին», ըսած է ան: