Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով ստեղծուած յանձնախումբին յայտարարութիւնը

Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած Յանձնախումբը արդէն ձեւաւորուած է: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան։

Յանձնախումբի անդամներուն առաջարկով յանձնախումբի աշխատանքներուն համակարգումը պիտի իրականացնէ ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Վարդան Օսկանեան:

Գործունէութեան մեկնարկին, Յանձնախումբի անդամներուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն մասին պիտի տեղեկացուի լրացուցիչ՝ յառաջիկայ օրերուն:

Կ’ակնկալենք, որ արցախցիներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող անհատները, խումբերն ու հաստատութիւնները պիտի համագործակցին համապատասխան լիազօրութիւն ստացած այս Յանձնախումբին հետ: