Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէն պատգամաւոր ընտրուած պոլսահայ Կարօ Փայլանը խորհրդարանի ելոյթը սկսած է հայերէն «բարեւ ձեզ»-ով:
«Յարգելի նախագահ, յարգարժան պատգամաւորներ, բարեւ ձեզ»,- ըսած է Փայլանը` խօսելով Նոյեմբեր 28-ին Տիարպէքիրի Սուր գաւառին մէջ մամուլի ասուլիս տալու ժամանակ սպաննուած թուրք փաստաբան Թահիր Էլչիի մահուան մասին: Ան հանգստութիւն մաղթած է իր բնորոշմամբ «խաղաղութեան աղաւնի»-ի` Էլչիի հոգիին` համբերութիւն մաղթելով անորա ընտանիքին:
«Թահիր Էլչին խաղաղութեան աղաւնի էր, ճիշդ Հրանդ Տինքի նման: Հրանդ Տինքը սպաննուելէն երկու օր առաջ խօսած էր աղաւնիի անհանգստութեան մասին: Ան ըսած էր. «Այո, աղաւնիի անհանգստութեան մէջ եմ, սակայն գիտեմ, որ այս երկրի մէջ աղաւնիներուն չեն դիպչիր»: Երբ ան կը գրէր այս խօսքերը, Տրապիզոնի մէջ Օկիւն Սամասթին ճանապարհ կը դնէին այս երկրի ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան վարչութեան հետախուզական բաժինի աշխատակիցները: Իսկ Սթամպուլի մէջ հետախուզական բաժինի միւս աշխատակիցները անոր դիմաւորեցին, իսկ սպանութեան օրը անգամ ուղեկցեցան»,- իր ելոյթին մէջ նշած է Փայլանը` ըսելով, որ իրենց պարտականութիւնն է երկիրը մաքրել այն աղտէն, որ կայ արդէն 8 տարի: «Եթէ մենք ատիկա չընենք, յանցագործութիւնները պիտի կրկնուին: Տինքի սպանութիւնը կոծկելու պատճառով է, որ այսօր յանցագործութիւնը կրկնուեցաւ, եւ այսօր այլ «խաղաղութեան աղաւնի»` Թահիր Էլչին սպաննուեցաւ: Էլչին կը հաւատար խաղաղութեան, եղբայրութեան, բանակցութիւններուն եւ ժողովրդավարութեան»,- նշած է Փայլանը:
Ան խստօրէն դատապարտած է նաեւ օրեր առաջ ձերբակալուած երկու լրագրողներ` Ճան Տիւնտարի եւ Էրտեմ Կիւլի ձերբակալութեան փաստը:
«Դժբախտաբար, մեր պետական պաշտօնեանները արդէն 100 տարի է, ինչ շատ յանցագործութիւններու անմիջական մասնակիցն են, սակայն անոնցմէ եւս ոչ մէկը ատոր համար պատասխանատւութիւն չէ կրած: Քանի յանցագործութիւնները չեն պատժուիր, անոնք պիտի կրկնուին»,- ըսած է Փայլանը: