Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ»ի տագնապ. Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարք կը շարունակէ լուռ մնալ…

Կարծէք Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի խնդիրները չէին բաւեր, Երուսաղէմի հայոց վանքի շուրջ եղած զարգացումները եկան համալրելու հայկական «տագնապալի» ընդհանուր տեսարանը։

Խօսքը «Կովերու պարտէզ» անունով ճանչցուած հողակտորին գործարքին մասին է, որ հետզհետէ աճեցաւ, ուռճացաւ եւ գրաւեց հայկական ամենատարբեր միջավայրերու ուշքն ու միտքը։

Պատրիարքութիւնը (գլխաւորութեամբ մանաւանդ Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքի) ունենալով նիւթական դժուարութիւններ գործարք մը կատարած եւ 99 տարուան համար վարձակալութեան տուած էր «Կովերու պարտէզ»ը իսրայէլացի հանրայայտ գործարարի մը (Դանի Ռոթման Ռուպէնշթայն Աւստրիոյ քաղաքացի), որ վերջին ամեակներուն իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ։

Ոչ միայն գործարքին երկարաժամկէտ ըլլալը, այլ նաեւ հայապատկան հողերուն ու կալուածներուն որոշակի վտանգներու տակ գտնուիլն էր, որ այս հարցը դուրս կը հանէր պատրիարքարանի փակ սրահներէն ու այն կը դարձնէր հասարակութեան հասանելի թեմա եւ օրակարգ։

Մինչեւ մեր օրուան հասնիլը, ու Պատրիարքութեան կողմէ Իսրայէլի դատական մարմիններուն եղած գործարքը չեղեալ համարելու միտուած դիմումին հանրայնացուիլը, եղան մէկէ աւելի կարեւոր զարգացումներ, որոնց շուրջ ալ կան բազմաշերտ խնդիրներ։

Ու այդ պատկերի ամբողջական ներկայացումը բնականաբար կը կարօտի յաւելեալ ժամանակի եւ մանրազնին ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուած դատողութիւններու։

Այսօրուան դրութեամբ երեւելի դարձող պատկերը կը խօսի այն մասին, որ հայկական կտրուածքով խնդրին առնչուող երկու կողմերը ՝ Պատրիարքութիւնն ու Երուսաղէմի հայ բնակչութիւնը վճռած են ամէն գնով տէր կանգնիլ հայապատկան կալուածին։

Ճիշդ է, որ մինչեւ այս պահը այս երկու կողմերուն միջեւ ամբողջական համագործակցութիւնը դեռ երեւելի չէ, բայց եւ այնպէս կարծէք սկսած է երեւան գալ «համագործակցութեան իրավիճակ» մը, որուն կանոնները կը խօսին իրար ընդունելու, եւ այս փուլին ալ զիրար չքննադատելու դրոյթներուն մասին։

Յստակ է նաեւ, որ Երուսաղէմի հայկական շրջանակին թիրախ դառնալու երեւոյթը կարողացած է իր շուրջ հաւաքագրել տեղի փոքրամասնութիւններուն, քոյր եկեղեցիներուն, ինչու չէ նաեւ արաբ եւ հրեայ (իսրայէլացի) ոչ ծայրայեղական շրջանակներու զօրակցութիւնը։

Ի վերջոյ այս խնդրին վերաբերեալ վերջին խօսք առնողը պիտի ըլլայ Երուսաղէմի հայ պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը, որ մինչեւ այս պահը կը փափաքի խորհրդաւոր լռութիւն մը պահել մինչեւ հիմա եղած սխալներուն, գործարքի պայմաններուն, ու անկէ ետք ալ գործարքը ի չիք դարձնելու մասին կայացուցած իր որոշումներուն մասին (որոնց մասին Պատրիարքն ու Պատրիարքութիւնը հարկէ յստակօրէն եւ բաց կերպով խօսիլ առնուազն համայնքի անդամներուն եւ շրջապատին)։

Ամէն պարագայի Երուսաղէմի վերջին զարգացումներուն մասին, օրերս շահեկան նիւթ մը պատրաստած է BBC կայանի պարսկական ծառայութիւնը։

Ստորեւ BBC-ի հրապարակած նիւթի հիմնական մասերը կը ներկայացնեմ «Ապագայ»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։

 BBC Կը գրէ՝

«Թէեւ Սուրբ Ծնունդը շատերու համար արդէն նշուած ու տօնախմբուած է, սակայն Երուսաղէմի հայերը իրենց տարեկան տօնակատարութիւնը կատարեցին միայն 19 Յունուարին։

Այս տարուան տօնակատարութիւնը մռայլուած էր Կազայի պատերազմով եւ համայնքի գոյատեւման շարունակական սպառնալիքով, որ կապուած է անշարժ գոյքի կապակցութեամբ խիստ վիճայարոյց գործարքի մը հետ:

Շատերն օրը անցուցին ոչ աւանդական կարգով՝ միանալով եկեղեցւոյ կայանատեղին տեղադրուած վրանի նստացոյցին, որ կը գտնուի Հին քաղաքի պարսպապատ հայկական թաղամասին մէջ գտնուող մեծ վտանգուած տարածքի հատուածին մէջ:

«Այս ապօրինի, դաւաճանական հողային գործարքը իրականութեան մէջ մեզի բոլորիս միաւորեց», – կ’ըսէ խեցեգործ, ակտիվիստ դարձած Սեդրակ Պալեան:

Նշենք, որ հայերու ներկայութիւնը սուրբ քաղաքին մէջ սկսած է 4-րդ դարէն։ 2000 հոգինոց համայնքէն շատերը կ’ապրին Սուրբ Յակոբ վանքի ընդարձակ, սալաքարով պատուած համալիրին մէջ:

Նախապէս, անոնք յաճախ պառակտուած են քաղաքական տարաձայնութիւններու եւ ընտանեկան վէճերու պատճառով, ինչպէս նաեւ լարուածութիւններ եղած են Երուսաղէմի հայերու եւ անոնց եկեղեցական առաջնորդներու միջեւ, որոնք շատերու համար կը հանդիսանան գործատուներ եւ վարձատուներ:

Սակայն երկու ամիս շարունակ տեղի հայերն ու քահանաները շուրջօրեայ մնացած են այստեղ՝ մեծ վրանին մէջ, փորձելով արգելափակել ընթացող շինարարութիւնը։ Անոնք այստեղ կը ճաշեն եւ հերթափոխութեամբ կ’աշխատին որպէս պահակներ հայկական դրօշներով զարդարուած ժամանակաւոր պատնէշին ետին։

Անոնց վկայութեամբ, իրենք միասին կանխած են հողաբարձ մեքենաներով (պուլտոզըրներով), զինուած վերաբնակիչներով եւ դիմակաւորուած հրոսակներով կապալառուներու յարձակումները:

Համայնքի երիտասարդներէն մէկուն կարծիքով՝ «Այս գործարքը վտանգի տակ դրաւ ամէն ինչ։Ով ալ ցանկայ մեզ զրկել մեր իրաւունքներէն եւ վտանգել այստեղ մեր ներկայութիւնն ու կեանքը, մենք պիտի դիմադրենք անոնց եւ պաշտպանենք մեր իրաւունքները մինչեւ վերջ»։

Անցեալ Ապրիլին սկսան փաստեր ի յայտ գալ Հայոց պատրիարքի եւ հրէական աւստրալիական-իսրայէլեան կառուցապատողի միջեւ գաղտնի ստորագրուած 2021 թուականի պայմանագրին մասին։ Այդ գործարքը նորաստեղծ Xana Gardens ընկերութեան տուած է 98 տարուան վարձակալութեան իրաւունք՝ կառուցելու եւ շահագործելու շքեղ հիւրանոց այն տարածքին մէջ, որ յայտնի է որպէս «Կովերու պարտէզ»:

Գործարքը Հին քաղաքի հարաւ-արեւմտեան մասի պարիսպներուն կից 11500 քմ. մակերեսով հողամասին կը վերաբերի։

Այն կը ներառէ ինքնաշարժներու կայանատեղի, քանի մը եկեղեցական շէնքեր եւ հինգ հայ ընտանիքներու տուներ, որոնք կը կազմեն հայկական թաղամասի մօտ 25%-ը։

Գտնուելով Սիոն լերան վրայ՝ այն հսկայական կրօնական նշանակութիւն ունի եւ աներեւակայելի արժէքաւոր անշարժ գոյք է, սակայն կառուցապատողը պէտք է վճարէր ընդամէնը 300,000 տոլար տարեկան վճար:

Տեղւոյն բնակիչներու կատաղի բողոքներու եւ Յորդանանի եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան՝ գործարքին մէջ պատրիարքի դերին համար անոր ճանաչումը չեղեալ համարելու մասին որոշումներու ֆոնին, ճնշումը մեծցած է եկեղեցւոյ վրայ պայմանագիրը չեղեալ համարելու պահանջով։

Այդ ընթացքին հայ իրաւաբաններու միջազգային խումբը ժամանած է հետաքննելու եւ խորհրդատուութիւն տալու համար։

Պատրիարքը կը պնդէ, որ զինք խաբած է վստահելի քահանան (խօսքը Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութեան անդամ եւ այդ օրերուն «Կալուածոց տեսուչ» հանդիսացող Հայր Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեանի մասին է, որ յետագային ալ կարգազուրկ յայտարարուեցաւ, ու խայտառակ պայմաններու տակ ստիպուած եղաւ լքել իր բնակարանը եւ հեռանալ դէպի Միացեալ Նահանգներ. Խմբ. ՝Ս. Արեան) որ աւելի ուշ պաշտօնանկ եղած է։ Անցնող Հոկտեմբերին Պատրիարքը վերջապէս յայտարարեց գործարքը խզելու պաշտօնական քայլին մասին:

Այս պահուն լարուածութիւնը հայերու եւ կառուցապատողի ներկայացուցիչներու միջեւ, որու աշխատակիցները բռնի ուժով գրաւած էին ինքնաշարժներու կայանատեղին, սկսան վերածուիլ ուղիղ բախումներու։

Երբ իսրայէլեան հողաբարձ մեքենաներով հասան վիճելի վայր՝ փորձելով քանդել, հայերը շտապեցին արգելափակել այն: Յաջորդ ամիս եղան ահաբեկման մեղադրանքներ, քանի որ կառուցապատողը ժամանեց քանի մը զինուած մարդոց հետ:

Բողոքի վրանի տեղադրումին յաջորդեցին ներխուժման յետագայ փորձերը: Ամենադաժանը եղած է անցեալ ամիս, երբ դիմակաւորուած անձեր մտած են կայանատեղի՝ փայտերով ծեծելով մարդիկ եւ արցունքաբեր կազ կիրառելով։ Տէր Տիրան քահանայ (Խօսքը՝ Տ. Տիրան վրդ. Յակոբեանի մասին է)Յակոբեան դիմատետրեան ուղիղ եթերով հեռարձակած է իրադարձութիւնները։

«Անոնք կը պոռային. «Դուք պէտք է հեռանաք այս հողէն», աւելի ուշ պատմած է ան,- անոնց առաջնորդներէն մէկը կը պոռար․ «Կրնաք կոտրել անոնց ոտքերը, կրնաք նոյնիսկ սպաննել անոնց, բայց անոնք պէտք է հեռանան»:

Նշանաւոր հրեայ վերաբնակիչներու ակնյայտ ներգրաւուածութիւնը յարձակումներուն մէջ, այլ ապացոյցներու հետ միասին, ամրապնդեց երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցող կասկածները, որ վերաբնակիչներու հզօր կազմակերպութիւնը ներգրաւուած է հողի գրաւման փորձին մէջ:

Այն պահէն, երբ Իսրայէլ գրաւեց Հին քաղաքը եւ անոր սրբավայրերը Յորդանանէն (1967 թուականի Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմին), հրեայ ներդրողները Իսրայէլի եւ արտերկրի մէջ ձգտած են գոյք ձեռք բերել՝ փորձելով ամրապնդել Իսրայէլի վերահսկողութիւնը բռնագրաւուած Արեւելեան Երուսաղէմի վրայ:

Պաղեստինցիները կը ցանկան, որ քաղաքի այս հատուածը դառնայ իրենց ցանկալի ապագայ պետութեան մայրաքաղաքը։ Հրեայ իսրայէլացիները ողջ քաղաքը կը համարեն իրենց յաւերժական, անբաժանելի մայրաքաղաքը:

«Իր Ամիմ» իսրայէլեան շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան հետազօտողները, որոնք կ’աշխատին իսրայէլ-պաղեստինեան հակամարտութեան վրայ եւ կ’աջակցին Երուսաղէմի բազմազանութեան, անհանգստացած են հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով:

«Այդ մօտ է զգայուն տարածքներուն», – ըսած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Աւիւ Թաթարսքի: «Այս տարածքին մէջ բնակավայրի ստեղծումը վերաբնակիչներու կազմակերպութիւններուն շատ հեռուն գացող նպատակներու մէկ մասն է, որոնք, ըստ էութեան, կը ցանկան ամբողջութեամբ յուդայականացնել Հին քաղաքը՝ Տաճարի լերան կամ «Ալ Աքսա» մզկիթի տեսարաններով»:

Բռնագրաւուած տարածքին մէջ կառուցուած բնակավայրերը միջազգային իրաւունքի համաձայն կը համարուին անօրինական, թէեւ Իսրայէլ համաձայն չէ այդ մօտեցումին:

BBC քանի մը անգամ կապ հաստատած է Xana Gardens-ի կառուցապատողի հետ, սակայն պատասխան չստացանք:

Այժմ պաշտօնանկ եղած քահանայ Պարէթ Երէցեան, լրագրողներու հետ զրուցելով հերքած է, որ կառուցապատողը կը հետապնդէ որեւէ քաղաքական կամ գաղափարական նպատակ՝ նման մեղադրանքները անուանելով «քարոզչութիւն»։

Հայկական եկեղեցին այժմ գործ յարուցած է Իսրայէլի դատարաններուն մէջ՝ վիճարկելու «Կովերու պարտէզի շինարարութեան պայմանագրի վաւերականութիւնը։

Երբ անցեալ շաբաթ տեղւոյն բնակիչները հաւաքուած էին լուսաւորուած տօնածառի շուրջ իրենց ժամանակաւոր վրանին մէջ, անոնք կը պահպանէին իրենց վճռականութիւնը, բայց կը գիտակցէին, որ իրենց իրաւական պայքարը կրնայ տեւել երկար տարիներ։ Ու հարց կը ծագի, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ այդ ընթացքին դադրեցնել ներխուժումները կամ ոչ»։

 

Սագօ Արեան