Ռուանտայի մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ գտնուող եւ թուցիներու ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանէն «անհետացած են» Հայոց Ցեղասպանութեան յղում կատարող բոլոր նշումները։ Լուրը աղբիւրի համաձայն կը հաղորդէ «Լը Փուէն» շաբաթաթերթը, իսկ գրութեան հեղինակն է հայերուն յայտնի, անխոնջ, անաչառ լրագրող Կիյոմ Փերիէ, որ Թուրքիոյ վերաբերող նիւթերու մասնագէտ է եւ կը հանդիսանայ այդ երկրին մէջ երկար տարիներ ֆրանսական մամուլի զանազան անուններու թղթակիցը։ Ան, առանց վարանելու կը նշէ, թէ Ռուանտայի իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են թրքական ճնշումներու տակ։
Վերջերս, թրքական մամուլին մօտէն հետեւողները կրնան իմանալ, թէ որոշ ժամանակէ ի վեր, յատկապէս Ռուանտայի իշխանամէտ մամուլին մէջ, յաճախ գովքը կը հիւսուի Թուրքիոյ մերօրեայ դիւանագիտութեան ափրիկեան ծալքերուն, այն շեշտադրութեամբ, որ այդ ցամաքամասին վրայ պատմականօրէն իշխած արեւմտեան պետութիւնները՝ օրինակ Ֆրանսան, որ Անգարայի կողմէ կը համարուի թշնամական կեցուածքի տէր պետութիւն մը, կը վռնտուին այնտեղէն, իրենց տեղը զիջելով Թուրքիոյ։