Ատրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբը յայտարարութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի վերջերս որդեգրած բանաձեւին կապակցութեամբ` կոչ ուղղելով կառավարութեան պատժամիջոցներ իրականացնելու Ֆրանսայի դէմ, սառեցնելու Ատրպէյճանի մէջ ֆրանսացի պաշտօնեաներու դրամատնային հաշիւները, դադրեցնելու տնտեսական կապերը Ֆրանսայի հետ եւ ֆրանսական բոլոր ընկերութիւնները դուրս բերելու Ատրպէյճանէն:
Ըստ ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, յանձնախումբը հակաատրպէյճանական գնահատած է Ֆրանսայի վարած քաղաքականութիւնը:
Ընդգծելով Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներուն մէջ Ատրպէյճանի դէմ ընդունուած բանաձեւերը` յանձնախումբը նշած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մակարդակին վրայ, «ըստ էութեան, կրնան նկատուիլ կասեցուած»: