Ըստ փորձագէտ Թոմաս Տէ Վաալի՝ 2024 թուականին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը հնարաւոր է, Էրտողանը Պաքուին կը սպասէ։
Ermenihaber.am-ի հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնած է «Քարնեկի» հիմնադրամի աւագ փորձագէտ, Հարաւային Կովկասի խնդիրներով զբաղող բրիտանացի հետազօտող Թոմաս Տէ Վաալը։
Բրիտանացի հետազօտողը նախորդ տարի «Քարնեկի» հիմնադրամի կայքին մէջ տեղ գտած «Հայաստանի անապահովությեան տարին» վերնագրով իր յօդուածին մէջ 2023 թուականի լաւատեսական բեմագրութիւններու շարքին մատնանշած էր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ որպէս անոր նպաստող գործօն ներկայացուցած էր Թուրքիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան հնարաւոր յաղթանակը։
Սակայն այդ ամէնը տեղի չունեցաւ, եւ Անգարան կը շարունակէ նոր նախապայմաններ ներկայացնել Հայաստանին, որոնցմէ, թերեւս, գլխաւորն է Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը։
Ermenihaber.am-ը վերլուծաբանէն հետաքրքրուած է, թէ արդեօք ան 2024 թուականի համար կը շարունակէ՞ հնարաւոր համարել յարաբերութիւններու կարգաւորումը երկու երկիրներուն միջեւ։
«Կը կարծեմ՝ այդ հնարաւոր է, կը կարծեմ՝ Էրտողանը կը սպասէ Ատրպէյճանին։ Թուրքիոյ նախապայմանները փոխուած են տարիներու ընթացքին։ Կը յիշէք՝ 10-15 տարի առաջ թուրք պաշտօնեաները կ’ըսէին, թէ բաւական է, եթէ հայկական զօրքերը դուրս բերուին թէկուզ միայն մէկ շրջանէ, միայն Ֆիզուլիէն կամ միայն Ճապրայիլէն, եւ իրենք կը կարգաւորեն յարաբերութիւնները։ Յետոյ կորսուեցաւ ոչ թէ մէկ, այլ եօթը շրջան, կորսուեցաւ Ղարաբաղը, տակաւին չկայ կարգաւորում», նկատած է Տէ Վաալ։
Ըստ անոր՝ թրքական արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի ընտրանին կը տեսնէ բոլոր այն առաւելութիւնները, օգուտները, որոնք պիտի ստանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարագաւորման պարագային․ նոր կապուղիներ կրնան ստեղծուիլ, Թուրքիան կրնայ խաղացող դառնալ Հարաւային Կովկասի մէջ, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ լաւ ազդել թուրք-ամերիկեան՝ մասնաւորապէս Գոնկրէսի հետ յարաբերութիւններուն վրայ եւ այլն։
«Անոնք հաշուի կ’առնեն այդ շահերը, սակայն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը այժմ ակնյայտօրէն կը վարէ նախագահի աշխատակազմը, պարոն Էրտողանը, եւ ան այժմ Պաքուէն ազդանշաններու կը սպասէ։ Իմ կարծիքով՝ եթէ նոյնիսկ փոքրիկ, մէկ էջնոց պայմանագիր ստորագրուի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ, այդ բաւական պիտի ըլլայ Անգարայի համար։ Բայց սա շատ լաւատեսական բեմագրութիւն է եւ իսկապէս, դժբախտաբար, կախեալ է Պաքուէն», եզրափակած է փորձագէտը։