Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) մտահոգուած է Ատրպէյճանի նախագահին՝ տարածքային պահանջներու վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններով, Պրիւքսէլի մէջ՝ ԵՄ անդամ պետութիւններու արտաքին գործերու նախարարներու հաւաքէն յետոյ յայտնեց ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորելը։
«Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար», նշեց ան։
Այդ հաւաքի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած են նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները։