ՍՓԻՒՌՔԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԵՏՔ ՁԳԱԾ ՄԱՐԴԻԿ

Վերջին երեք տասնամեակներուն բազմաթիւ սփիւռքահայեր` գործարարներ, առեւտրականներ, արուեստագէտներ, բժիշկներ, պետական կառավարման գործի մասնագէտներ եւ ուրիշներ, յատկապէս Անկախութեան առաջին տարիներու ընդհանուր խանդավառութեան շրջանին, եկան Հայաստան, ոմանք ալ` Արցախ, եւ իրենց հմտութիւնները (Know How), կարողութիւնն ու կապերը ի գործ դրին հայրենի երկրին մէջ: Հայրենասիրութի՞ւնն էր անոնց մղիչ ուժը, «չպեղուած» երկրի մը մէջ հարստանալու ցանկութի՞ւնը, թէ՞ այլ, կարեւոր չէ: Անոնցմէ շատեր չյաջողեցան ու «վնասի կէսէն» վերադառնալը նախընտրեցին: Ուրիշներ թիրախ դարձան խաբեբաներու, կողոպտիչ խմբաւորումներու հետապնդումին, պետական պաշտօնեաներու շահատակութեանց, նոյնիսկ մաֆիոզ շրջանակներու հարուածներուն: Շատեր վերին օղակներու մէջ պաշտպանիչ «տանիք» փնտռեցին, գտան, բայց այդ «տանիքը» յետոյ փուլ եկաւ իրենց գլխուն: Ոմանք ալ եկան, տեսան ու հեռացան` ա՛լ չվերադառնալու որոշումով. Մշակոյթներու եւ բարքերու հսկայ տարբերութիւն կար, դրամատնային համակարգի անկատարութիւն, ֆինանսական ներդրումը բարեգործութեան հետ շփոթելու վիճակներ, լեզուի եւ ընդհանրապէս ըմբռնումներու հսկայ տարբերութիւններ: Եւ ամենակարեւորը` պետական պաշտպանութենէ զրկուածութիւն:

Այսուհանդերձ, բարեբախտաբար, եղան ու կան նաեւ յաջողութեան պատմութիւններ (success story): Մարդիկ` որոնք իրենց ուշիմութեան, ճկունութեան, կամքի ու, երբեմն, դրամական երկար շունչի շնորհիւ յաջողեցան իրականացնել իրենց նախաձեռնութիւնը, գործ ստեղծել, աշխատանքային նոր ոլորտ, նոր միջավայր ու հմտութիւններ եւ ազդել, տեւական ներազդեցութիւն ունենալ յարակից ոլորտներու վրայ:

Անշուշտ չենք կրնար մէկ առ մէկ թուարկել յաջողակներուն անունները, անոնց կատարած գործը: Յամենայնդէպս, փորձենք առանձնացնել անոնցմէ ոմանց գործը` շատ հակիրճ բնութագրումներով:

Սկսինք առողջապահութեան ոլորտէն, ուր առաջին հերթին պէտք է յիշել անունը սրտաբանական վիրաբուժութեան մեծ մասնագէտ, վիրաբոյժ Հրայր Յովակիմեանին, որ ահա աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կը շարունակէ կեանքեր փրկել եւ ապագայ մասնագէտներ պատրաստել: Եւ այս ամէնը` առանց ցոյցի եւ ցուցամոլութեան, կարելի է ըսել` լռիկ-մնջիկ: Նոյն մարզին մէջ պէտք է յիշել մեր հանգուցեալ ղեկավար ընկերներէն Վարդգէս Պալեանի անունը, անշուշտ իր տիկնոջ` Ռիթայի հետ: Ռիթան խօսեցաւ, իսկ ինքը նախագծեց, Ռիթան խօսեցաւ, իսկ ինքը կառուցեց Մխիթար Հերացի պողոտային վրայ Հայ-ամերիկեան առողջապահութեան կեդրոնը, որ յատկապէս կրծքագեղձի քաղցկեղ ունեցող կանանց համար եղաւ փրկութեան կեդրոն: Նոյնը կը վերաբերի մեր աննման բարերար` այժմ հանգուցեալ Նազար Նազարեանին, որուն Բժշկական համալսարանին մէջ ստեղծած ամենաարդիական հետազօտական կեդրոնը կը մնայ ամբողջ տարածաշրջանի մէջ լաւագոյնը եւ որ իր զաւակներուն շնորհիւ կը շարունակէ զարգանալ եւ մասնագէտներու պատրաստումի օճախ հանդիսանալ:

Կրթական մարզին մէջ առանձնայատուկ եղաւ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի դերը, որ ի Հայաստան եւ յԱրցախ կատարած բազմաթիւ ու տարատեսակ բարերարութիւններուն զուգահեռ` իր հեղինակութեամբ, ամերիկեան կառավարութեան մօտ վայելած յարգանքով եւ անձնական գումարներով հիմնեց եւ բանեցուց Ամերիկեան համալսարանը Երեւանի, որ կը մնայ մեր բաց պատուհանը` բացուած աշխարհին: Եւ շատ տարօրինակ է, որ այդ համալսարանը դեռ չի կրեր այդ մեծ տիկնոջ անունը:

Յաջորդը, արդէն telecommunication-ի մարզին մէջ անկասկած Ռալֆ Երիկեանն է, որ Արցախի մէջ Ղ-Թելեքոմը ստեղծելէ ետք ոստում կատարեց Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ հսկայ ընկերութիւն ստեղծեց` ժամանակի նորարարութիւններուն հաղորդ: Իսկ ամենակարեւորը` Ռալֆը սորվեցուց հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ` շահած գումարներէդ բաժին հանել անտունիները բնակարանով ապահովելու, դպրոց ու մանկապարտէզ նորոգելու պարտականութիւնը:

Նշանակալից եղան նաեւ Պուէնոս Այրէսէն մեծահամբաւ գործարար Էտուարտօ Էօրնեքեանի նախաձեռնութիւնները: Առաջինը` Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ամբողջական վերանորոգումը` նախկին խորհրդային մռայլ օդակայաններու հակառակ` մարդկային, հաճելի, թեթեւ իր մթնոլորտով: Երկրորդը` որակեալ, բարձր տեսակի որթատունկի մշակման հսկայական այգիներու հիմնումով եւ բարձրորակ` «Կարաս» եւ անմահական այլ գինիներու արտադրութեան թեքնոլոճիով, Հայաստանը դասելով զարգացած գինեգործութիւն ունեցող երկիրներու դասակարգին մէջ, քոնեաքին զուգահեռ: Ի դէպ, շնորհիւ մեր ընկերներէն Գէորգ Մարաշլեանի, Էտուարտոյի առաջին այցը Հայաստան եւ հիւրընկալումը անոր, եղաւ ՌԱԿ Երեւանի մեր տղոց միջոցով:

Նոյն` գինեգործութեան ասպարէզին մէջ գրաւիչ շարժում այժմ ստեղծած է Վահէ Քէօշկերեանը, որ օղիի եւ ծանր այլ ոգելիցներու դիմաց եւ հակակշիռ` գինեխմութիւնը կը քաջալերէ եւ վերջերս ալ արձանագրեց աննախադէպ յաջողութիւն` իր արտադրած KՓsh շամփայնով Հայաստանը մտցնելով աշխարհի լաւագոյն 10-եակին մէջ:

Բոլորովին այլ ասպարէզի մը` տնաշինարարութեան մէջ բոլորովին նոր ըմբռնում ստեղծեց մէկ ուրիշ նշանաւոր հայ` Վահագն Յովնանեանը: Երեւանին մերձ, գրեթէ ամայի վայրի մը մէջ ան կառուցեց, բոլորովին նոր սկզբունքներով, թաղամաս մը` Վահագնի անունով եւ մեծահարուստներուն սորվեցուց բնակիլ քաղաքներու ժխորէն եւ աղմուկէն հեռու վայրի մը մէջ` փայտաշէն տուներու մէջ, հայաստանցիներու նախասիրած քարաշէն տուներու փոխարէն, որպէս աւելի առողջարար եւ երկրաշարժադիմացկուն:

Ոստում կատարելով դէպի այլ բնագաւառ` առանձնացնենք անունը նշանաւոր մէկ ուրիշ հայու մը` Վաչէ Մանուկեանին, որուն շնորհիւ եւ նիւթական կարեւոր ներդրումով Երեւանի մէջ սկսաւ գործել HSBC պանքը: Մինչ այդ դրամատունը կը համարուէր կասկածելի գործարքներու, կոշտ ու կոպիտ վարուելակերպի, յաճախորդներէն դրամ շորթելու հիմնարկ մը: Նորահաստատ դրամատունը փոխեց մթնոլորտը, սպասարկման ոճը, կանոնները, վստահութեան միջավայր ստեղծեց, որ առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի որեւէ երկրի տնտեսութեան զարգացման համար:

Այո, այս շարքը կարելի է երկարել, կարելի է երկարել ցուցակը, ընդգրկելով նաեւ այլ ասպարէզներու` արուեստի, մշակոյթի, կրթութեան եւ գործարարութեան ներկայացուցիչներու անուններ: Պարտականութիւն` զոր մեզմէ շատ առաջ կատարած պիտի ըլլային, շատ աւելի մանրամասնօրէն ու ճշգրտութեամբ, յաջորդական մեր կառավարութիւնները, որպէս զարգացող երկրի մը համար իր բնակչութեան եռապատիկն ու քառապատիկը հանդիսացող, ամբողջ աշխարհ մը ընդգրկող զանգուածի մը կարելիութեանց ներդրումը իր մայր հայրենիքի զարգացման գործին: Ցարդ այդ աշխատանքը պետական մակարդակով չէ կատարուած եւ յոյս ալ չունինք, որ ներկայ ինքնասիրահարուած իշխանութիւնը, որ սովորութիւն ունի արհամարհելու Սփիւռքը, երբեւիցէ կը նախաձեռնէ ընել:

Սպասելով խելացի ու խելամիտ նոր կառավարութեան մը ստեղծումին` վերջաւորութեան այս յօդուածի աւելցնենք նոր անուն մը մեր ցանկին` Ժիրայր Ավանեան: Եգիպտոսէն Մ. Նահանգներ գաղթած, հոնկէ Հայաստան ներգաղթած հնարամիտ, աշխոյժ, ստեղծագործող նորարար հայ մը, որուն մարմինը, 70 տարեկանին, օրերս յանձնուեցաւ հողին: Dolmama ճաշարաններու ցանցին ստեղծողն էր ան, արտակարգ restaurateur մը, որուն կը պարտինք Հայաստանի մէջ մինչ այդ զեխութեան, հարբեցողութեան, խուժանավարութեան որջ հանդիսացող restaurant հասկացութեան քաղաքակրթացման առաքելութեան իրականացումը: Ասպարէզային յեղաշրջում մը, որուն շնորհիւ Երեւանը այսօր եւ հետզհետէ սկսած է իր սպասարկման, ճաշատեսակներու մատուցման եւ բացառիկ ու նաեւ ազգային խոհանոցի ներկայացման մակարդակով միջազգային կարեւոր ու գրաւիչ կեդրոններէն մէկը:

Հանգիստ իր աճիւններուն:

 

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Երեւան

«Պայքար» շաբաթաթերթ