Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիր կրողներուն համար բանալու պայմանաւորուածութեան մասին ըսած է. «Քննարկումի առարկայ եղած է եւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է այն մասին, որ ցամաքային սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք ունին դիւանագիտական անձնագիրեր։ Նաեւ այս պայմանաւորուածութիւնը մենք վերահաստատած ենք նախարար Ֆիտանի հետ 23 Հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ։ Ինչպէս կրնաք տեսնել, մինչ օրս շօշափելի եւ առարկայական քայլեր այս ուղղութեամբ կամ չեն կատարուած, կամ վերջնական արդիւնք չկայ։ Այդ սահմանը նշուած խումբի մարդոց համար բաց չէ», ըսաւ Միրզոյեան։
Նախարարը նշեց, որ երկու կողմէն եղած է ենթակառուցուածքներու ուսումնասիրութիւն՝ անցակէտերու, ճանապարհներու, կամուրջի մասով, սակայն սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ։