ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ  ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԱԾ ԵՆ ԼՂՀ ԲՈԼՈՐ ԳԵՐԻ ԻՆԿԱԾ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԿԱԼԱՆՔԸ

Վերջերս, թշնամի երկրին աղբիւրները յայտնած են, որ բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են Պաքուի մէջ, պիտի դատուին ատրպէյճանական դատարաններու մէջ: Այս մասին յայտնի դարձած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քլիամրան Ալիեւի ընդհանուր դատախազութեան ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին կատարած յայտարարութենէն:

Նոյն աղբիւրներու համաձայն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 4 ամիսով երկարաձգած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերի ինկած բոլոր նախկին ղեկավարներու, նախկին նախագահներ՝ Արկատի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Դաւիթ Իշխանեանի, գեներալներ՝ Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի ապօրինի կալանքը:
Աւելի ուշ, հաղորդուած էր, որ ԼՂՀ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանքը եւս երկարած է 4 ամիսով։