Գանատացի պաշտօնեան. «Գանատա ապաստանած սուրիացի փախստականներուն երկու երրորդը սուրիահայեր են»

Սուրիայէն հազարաւոր փախստականներ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ժամանեն Գանատա եւ կառավարութեան պարզեցուած ծրագիրով պիտի ապաստանին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:

Ըստ News.am-ի՝ The  Globe and Mail պարբերականը կը հաղորդէ, որ Մոնթրէալ տեղափոխուող փախստականներուն երկու երրորդը սուրիահայեր են: Անոնց ֆինանսաւորումը իր վրայ վերցուցած է տեղի հայ համայնքը:

«Փախստականներէն շատերուն մենք նոյնիսկ չենք հանդիպիր: Անոնց ժամանումէն անմիջապէս ետք ֆինանսաւորող խումբերը կը դիմաւորեն զանոնք օդակայանին մէջ եւ անկէ ետք կ’անհետանան մեր տեսադաշտէն»,- պարբերականին ըսած է գաղթականութեան հարցերով զբաղող գանատացի պաշտօնեան:

Ըստ պարբերականին` նախապէս կազմուած ցուցակներով Գանատա ժամանող սուրիացի փախստականներուն շատ փոքր տոկոսը կը ֆինանսաւորուի կառավարութենէն: Փախստականներուն ֆինանսական կարիքները սովորաբար կը հոգան տեղի համայնքները: