Չորեքշաբթի՝ 31 Յունուար 2024-ին, տեղի ունեցաւ սահմանագծման հարցերով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յանձնախումբերու նիստը:
Սովորաբար, այս հանդիպումներուն մասին Երեւանն ու Պաքուն շատ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացներ. հետեւաբար կողմերը պաշտօնական հաղորդագրութիւն չտարածեցին նիստին մասին եւ բաւարարուեցան յայտարարելով, որ նիստը կայացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի` Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի գլխաւորած յանձնախումբերը մինչ այժմ 6 հանդիպում ունեցած են, մէկը` Երասխի հատուածին մէջ, 3-ը` Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի, մէկական ալ` Մոսկուայի ու Պրիւքսէլի մէջ: