Զաթուլին կը շեշտէ՝ որ Լ. Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու փաստը կասկածէ վեր է

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իսկապէս Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտում տեղի ունեցած է` «աշխարհի վրայ, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ ինչ ալ ըսեն»: Այս մասին ռուսական «Կազեթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, երեսփոխան Քոնսթանթին Զաթուլին:

Անոր համաձայն, «ցեղային զտումներու փաստը կասկածէ վեր է»:

«Գոնէ այն առումով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնը լքած է իր տուները այն հողին վրայ, որ իր հայրենիքն է», աւելցուցած է Զաթուլին` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի` Արցախի մէջ ցեղային զտումներու վերաբերեալ ըսածը:

Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր. «Ցանկալի պիտի ըլլար, որ Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու մասին պնդումներու վերաբերեալ որոշ փաստեր ներկայացուէին: Եթէ Երեւանի համար հեղինակաւոր նկատուող որեւէ միջազգային կազմակերպութեան, օրինակ` ՄԱԿ-ի կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան կողմէ որեւէ փաստաթուղթ, յայտարարութիւն, որ ցոյց կու տայ, թէ նման ցեղային զտումներ տեղի ունեցած են, կը խնդրենք մեզի տրամադրել այդ փաստաթուղթի յղումները»: