Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ Գանատահայ մտաւորական, համալսարանական դասախօս՝Վիգէն Ադդարեան:
Պրն. Ադդարեան Կազայի պատերազմը բոլորեց իր երրորդ ամիսը։ Ստեղծուած տեսարանը ձեզի ի՞նչ կը յուշէ։ Ո՞ւր կ’երթայ Պաղեստին-Իսրայէլեան հակամարտութեան այս փուլը։
Հակամարտութեան այս փուլը բազմաթիւ շերտեր ունի։ Ամէն բանէ առաջ, մեզի հետաքրքրողը հայկական իրավիճակին վրայ ազդեցութիւնն է, որովհետեւ Հայաստանը նոյնպէս կը գտնուի Միջին Արեւելքի խաչմերուկային տարածաշրջանին մէջ։ Եթէ նկատենք, այս առճակատումը ունի բազմազան հիմքեր՝ ազգային, հողային, տարածքային պահանջքի հարց, եւայլն։ Սակայն, այս հակամարտութեան մէջ, գլխաւորաբար կան շահերու հարցեր, կայ քաղաքական իրավիճակ, եւ եթէ ուսումնասիրենք Իսրայէլի վարչապետի անձը, գիտենք, որ ան եղած է Իսրայէլի դեսպան Ամերիկայի մէջ։ Իր կապերը Ամերիկայի հետ շատ ուժեղ են։ Ինքը նաեւ շարունակողն է Արիէլ Շարոնի ճիւղին, եւ ուժի եւ բռնութեան գործածութեամբ կ՚ուզէ զսպել պաղեստինեան հարցը։
Շատեր կը փորձեն մէջտեղ նետել այն վարկածը, թէ այս պատերազմը կրնայ մեծնալ եւ տարածուիլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Եթէ Կազայի այսօրուայ պատկերը դիտարկենք, ապա կը տեսնենք, որ Նաթանիահուն մեծ յաջողութիւններու չհասաւ, եւ որպէսզի ցրէ օրակարգը, կրնայ շատ արագ ձեւով Լիբանանի հարաւը հարուածել եւ Լիբանանը ներգրաւել պատերազմին մէջ։ Կա՞յ այդ վարկածը։
Կը կարծեմ, թէ այդ վարկածը կայ, սակայն ճնշումը շատ ուժեղ է Իսրայէլի վարչապետին վրայ, մանաւանդ Ամերիկայի կողմէ, որպէսզի այդ մէկը չկատարէ, թէեւ ատիկա իր ուզածն է։ Ինչ որ կը տեսնենք, ցոյց կու տայ, թէ այսօր կայ յաղթական կողմ մը՝ բարոյական ուժեղ յաղթանակ մը կայ «Համաս»ի կողմէ, որովհետեւ կը ներկայանայ իբրեւ զոհ, հակառակ որ այս վերջին փուլին, ինքն էր ռազմական գրոհը նախաձեռնողը, իր ահաբեկչական ոճիրներով։ Փաստօրէն «Համաս» յաղթական դուրս կու գայ, քանի կը դիմադրէ, եւ նոյնիսկ եթէ Կազայի մէջ պիտի ունենայ հսկայական զոհեր, «Պաղեստինի համար պայքարող»ի անունը «ապահոված» է արդէն պաղեստինցիներուն մօտ։ Իսկ Իսրայէլը միմիայն կրնայ յաղթական դուրս գալ, եթէ պատերազմը սահմանէն դուրս հանէ. այսինքն՝ միջազգային առճակատում, որուն ներգրաւուի Պարսկաստանը, մասնակցի Ամերիկան, Անգլիան, եւ այլ երկիրներ։։
«Սառած ուժեր» կան, օրինակ՝ Չինաստան, Ռուսաստան, որոնք ձեւով մը կ՚ուզեն առնչուիլ այս պատերազմին եւ հաւաքական կեցուածք մը որդեգրել, սակայն տեղքայլի մէջ են եւ չկրցան այդ «պլոք»ը ստեղծել։ Այս մէկը կրնա՞յ շարժառիթ մը դառնալ, որ այդ նոր բեւեռը ստեղծուի, որուն մասին շատ կը խօսէին, յատկապէս Ռուսերը, Ուքրանիոյ պատերազմի առաջին փուլին, որոնք կ՚ըսէին, թէ նոր աշխարհ մը կայ, նոր աշխարհակարգ մը կայ։ Կարծէք, թէ այդպիսի բան գոյութիւն չունի։ Ի՞նչ կ՚ըսէք դուք։
Ատիկա, ըստ իս, խորաթափանց վերլուծումի պէտք ունի, քանի որ տեղերը եւ դիրքերը խաղադաշտին վրայ, անմիջապէս չէ որ կ’որոշուին, սակայն երկարաշունչ շահերը չեն փոխուիր։ Ամենակարեւորը հասկնալն է, թէ որուն շահը ինչ կը պահանջէ։ Այս պարագային, յստակ է, թէ այս պատերազմին հետ կապ ունեցող միւս պատերազմները կան՝ Ուքրանիոյ առճակատումը, Արցախեան հիմնահարցը՝ 2020-ի եւ 2023-ի պատերազմը, եւայլն։ Այս բոլորը մեզի կը թելադրեն, թէ որոշ գիծեր կան, շահերու միասնականութիւն մը կայ, որ պէտք է հասկնանք եւ ուշադրութեամբ պէտք է հետեւինք կատարուածին, որովհետեւ եթէ նայինք, 2020-ի պատերազմը տեղի ունեցաւ միջազգային համավարակի ժամանակ՝ այսինքն աշխարհի ուշադրութիւնը ուրիշ հարցերու վրայ էր։ Անկէ ետք, 2023-ի պատերազմը եւ Արցախի վերջին աղէտը տեղի ունեցաւ Ուքրանիա-Ռուսաստանի առճակատման ժամանակ, եւ կրկին աշխարհի ուշադրութիւնը ուրիշ տեղ էր։ Ասիկա մեզի կը թելադրէ, թէ մեր թշնամին «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացող» է։ Հետեւաբար, այժմ երբ ոսպնեակը Կազայի վրայ է, մենք պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ այլ ոտնձգութիւնները չկատարուին մեզի դէմ։ Այդպիսի հաւանականութեան մը պարագային, պէտք է յստակ ըլլայ, թէ ովքեր կրնան իսկապէս մեր դաշնակիցները ըլլալ։ Այստեղ, ինծի համար յստակ է, թէ միակ ռազմաքաղաքական դաշնակիցը այս հարցին մէջ կրնայ ըլլալ Պարսկաստանը, քանի որ ան իր աշխարհագրական դիրքով, տարածաշրջանային ազդեցութիւններու բանեցմամբ, եւ Ռուսաստանին մօտ ըլլալով, ըլլալով հակահրէական եւ հակաթրքական, այսպիսի վերլուծման մը պարագային, ռազմավարական տեսակէտէն մեզի համար միակ դաշնակիցը կրնայ ըլլալ։Ուրեմն, անոնց հետ մեր կապերու սերտացումը ամէնէն կարեւորն է։
Կայ վարկած, յատկապէս Սէուտական մամուլին մէջ, որ Իրանը ուղղակի ձեռքերը լուացած է «Համաս»էն եւ կամացուկ մը դուրս եկած է այս տագնապէն, եւ Ֆրանսայի հետ, մեծ ճնշումներ կը բանեցնէ «Հըզպալլա»ին վրայ, որ զսպուի, որպէսզի Իսրայէլը չկարենայ իր մեծ փափաքը իրականացնել։ Ինչո՞ւ Իրանը հրաժարեցաւ «Համաս»էն։
Այս առճակատման մեծացումը Իրանի շահերէն չի բխիր։ Ատիկա Իսրայէլի ուզածն է։ Այդ պատճառով է, որ Իրանը ճնշում կը բանեցնէ։ Որքան աւելի քաղաքական եւ զինուորական ճնշումի տակ ըլլայ Իսրայէլը, այնքան աւելի պիտի ուզէ բռնկեցնել իրավիճակը։ Այստեղ, կայ ուրիշ կարեւոր հարց մը, որ մեզի համար բարոյական հարց է։ Այն ինչ որ այսօր կը կատարուի Կազայի մէջ, նոյնն է այն ինչ որ կատարուեցաւ Եղեռնի վերապրողներուն։ Զանոնք քշեցին իրենց տուներէն, ըսին որ աւելի ապահով տեղեր պիտի երթաք։ Այդ «ապահով տեղեր»ը արաբիոյ անապատներն էին։ Ճամբան ալ անոնց վրայ յարձակեցան «չէթէները», «թաշքիլէթի մախսուսաները», աւազակները, մարդասպանները, բռնաբարողները։ Իսկ Կազայի պարագային, այդ անզէն եւ անմեղ ժողովուրդին վրայ կը յարձակին հրետանիները, դիպուկահարները, նոյնիսկ «ապահով տեղ» ուղարկած ճամբուն վրայ։ Այն զուգահեռները որ կան մեր պատմութեան հետ, մեզի բարոյական ծանր պարտականութեան մը տակ կը դնեն, որ մենք ոչ միայն կարեկից ըլլանք, այլեւ վաւերագրենք եղածները ապագային համար, տեղեկագրութիւն հաւաքելով եւ ստեղծելով իրաւաբանական, պատշաճ թղթածրար, այն մարմիններուն համար, որոնք այս հետապնդումները պիտի կատարեն։ Տեղեկագրութեան մէջ նաեւ պէտք է ըլլան «Համաս»ի կատարած ոճիրները։
Ի՞նչ կը կատարուի Թեհրան-Մոսկուա-Թէլ Ավիւ առանցքին վրայ, որովհետեւ մենք նկատեցինք «Համաս»ի պատուիրակութիւններուն Մոսկուա այցը, յետոյ՝ Իրանի նախագահին Մոսկուա այցը։ Կարծէք Մոսկուա կը փորձէ նոր խաղաո՞ճ մը ցուցաբերել այս հարցին, թէ՞ բոլորը կը փորձեն ցոյց տալ իրենց ներկայութիւնը, եւ այդքան։ Ի՞նչ է ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնը։
Մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ, սակայն ենթադրութիւնները կ’ուզեմ բացատրել շահերու տեսանկիւնէն դիտուած։ Ռուսաստանը ունի հսկայական հիմնախնդիր մը, որ Ուքրանիոյ պատերազմն է, որ հաւանաբար այս ձմեռ աւելի թէժ իրավիճակ մը կրնայ ունենալ։ Ռուսաստանը մաս կը կազմէ այն խումբին, որ հետաքրքրուած չէ մեծցնելով պատերազմի ճակատը։ Նոյն շահը պարսկաստանը ունի։ Այդ պատճառով «Համաս»ը, որ նաեւ մահ ու կենաց պայքար կը մղէ, պէտք է զսպուի։ Նոյնիսկ եթէ բարոյապէս յաղթական դուրս գայ, իր ողնաշարը կտրող շատ ուժեղ հարուած մը ստացած պիտի ըլլայ, նաեւ մարդկային կորուստներու տեսակէտէն։ Կազայի բնակչութիւնը ինչքան ալ համակիր ըլլայ «Համաս»ին, այդքան ալ զինք պիտի չքաջալերէ, եթէ իմանայ, որ իր գլխուն նմանօրինակ պատուհասները կրկին կրնան վերադառնալ։ «Համաս»ը ֆիզիքական տկարութենէ մը պիտի անցնի եւ այդ պատճառով յետպատերազմեան օգնութիւն պիտի փնտռէ։ Այդ օգնութիւնը շատ հաւանաբար կրկին գայ Ռուսաստանէն կամ Պարսկաստանէն։
Ձեր կարծիքով, ո՞վ է օգտուողը այս պատերազմէն։ Ո՞վ է ամէնէն շատ միաւոր քաղողը։
Ամէնէն շատ միաւոր քաղողները պիտի ըլլան զինավաճառները։ ԱՄՆ-ի ֆինանսական համալսարանի մը կողմէ ուսումնասիրութիւն մը կատարուած է, թէ 6 Հոկտեմբերին, իսրայէլեան բազմաթիւ, Էթնիք մեծ ընկերութիւններու բաժնեթուղթերու վրայ արագ վաճառք՝ “short selling” եղած է։ Այսինքն ակնկալելով, թէ գէշ բան մը պիտի պատահի, հսկայական գումարներով բաժնեթուղթեր վաճառուած են բարձր գինով, ակնկալելով, որ քանի մը օր ետք հսկայական անկում տեղի պիտի ունենայ։ Ըստ իս, ազգերը կը զոհուին շահերու համար եւ ոչ՝ ազգային, քաղաքակրթական կամ կրօնական նպատակներու։
Սագօ Արեան