Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր

Երեքշաբթի՝ 13 Փետրուար 2024-ի առաւօտեան  Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանական կողմը հաղորդագրութիւն տարածած է՝ ընդունելով, որ սադրանքին հեղինակը իր զինուորներն են:

ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը սահմանային լարուածութեան, ատրպէյճանական հերթական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ նշելով, որ սահմանային մագլցումներ ծաւալելու համար Ատրպէյճանը պատրուակներ կը փնտռէ:

Աւելի ուշ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ԶՈՒ կրակի հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու անունները:

Էդուարդ Համլետի Յարութիւնեան (1974 թ.),

Գագիկ Վարազդատի Մանուկեան (1982 թ.),

Արսէն Գագիկի Համբարձումեան (1979 թ.),

Հրաչեայ Թալիշի Յովհաննիսեան (1957 թ.)։

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի և զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն: