ԱԼԹԱՏԵՆԱ, Քալիֆորնիա.- Կիրակի՝ Յունուար 28-ին, ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ նուիրուած Դամասկոսի հայերու գաղթերուն եւ աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայութեան պատմութեան։ Դասախօսութիւնը կ’ընդգրկէր նաեւ հայ ապաստանեալներու ճամբարներուն հետ առնչուող դէմքերն ու իրադարձութիւնները։ Շահեկան այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մեծագոյն Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) մասնաճիւղին կողմէ։ Գլխաւոր բանախօսն էր մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեանը։
Պէտք է նշել թէ կարեւոր էր ձեռնարկի այժմէականութիւնը, որովհետեւ Արեւմտեան երկիրներու մէջ զանազան պատճառներով հանգրուանած Միջին Արեւելքի հայութիւնը պէտք է յաճախ ետ նայի, յիշէ ո՛ր երկիրներէն եկած ըլլալը եւ թէ ինչպէս այդ հիւրընկալ երկիրներու կողմէ ընդունուած ըլլալը։ Հետեւաբար պէտք է յատկապէս շնորհաւորել ԹՄՄ-ի ձեռնարկին կազմակերպիչները շահեկան այս ներկայացման համար։
Հանդիսավար Հրաչ Սեփեթճեան նախ հրաւիրեց Քալիֆորնիայի Լոս Անճելըսի համալսարանի ուսանող Ալիք Արթինեանը՝ ընթերցելու Սեւան Պօղոս Տէր Պետրոսեանի երեք արձակ բանաստեղծութիւնները՝ «Դիտարկում», «Վերադարձ» եւ «Ճամբորդները վերադարձեր են», որոնք նուիրուած էին իր ծննդավայր Դամասկոսին։
Տիկ. Ս. Տէր Պետրոսեանը ծնած է Դամասկոս, աւարտած է տեղի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, ապա Դամասկոսի համալսարանի անգլերէն լեզուի բաժինը։ Ան ութ տարի անգլերէն դասաւանդած է Սրբոց Թարգմանչաց դպրոցը: Սեւան ամուսնացած է գաղափարակից Յովիկ Տէր Պետրոսեանի հետ եւ ունի երկու զաւակներ Պետրոսն ու Նանորը։ Տէր Պետրոսեան ընտանիքը փոխադրուած է ԱՄՆ եւ բնակութիւն հաստատած Լոս Անճելըս։ Առցանց դասընթացքներու հետեւելով Սեւանը ստացած է հայոց լեզուի մագիստրոսի կոչում Ֆրանսայի Օտար լեզուներու հաստատութենէն։ Քսան տարիէ ի վեր կը դասաւանդէ հայոց լեզու եւ գրականութիւն Քալիֆորնիայի Քանոկա Փարք քաղաքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մէջ: Սեւան Տէր Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան առաջին տարիներուն, երբ վարժարանի Հայկական բաժանմունքի վարիչն էի, ան ցոյց տուաւ իր ընդունակութիւնները, մասնագիտացաւ իր բնագաւառին մէջ դարձաւ վարժարանի սիրուած ուսուցիչներէն մին։
Տէր Պետրոսեան իր ելոյթի ընթացքին օգտագործեց քարտէզներ եւ սահիկներ (սլայտներ): Չորրորդ-հինգերորդ դարերէն ի վեր Դամասկոսը եղած է դարպաս դէպի Սուրբ քաղաք՝ Երուսաղէմ մեկնող հայ ուխտաւորներու համար: Բանախօսը դէպի Դամասկոս հայերու գաղթի պատմութիւնը բաժնեց երկու փուլի՝ 1-ին փուլ՝ Տիգրան Մեծի շրջան, մինչև 19-րդ դար և 2-րդ փուլ՝ 19-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը:
Առաջին փուլի վերաբերեալ Տէր Պետրոսեան նշեց Հայաստանի վրայ օտարերկրեայ տարբեր արշաւանքները, որոնք պատճառ դարձան հայերու գաղթին Դամասկոսի ուղղութեամբ՝ ի թիւս այլ քաղաքներու (Հալէպ, Անտիոք)։ Այդ յարձակումները հիմնականին մէջ կը վերաբերէին պարսկական, բիւզանդական եւ արաբական (700-868 թթ.), արշաւանքներուն։
Երկրորդ փուլը կը վերաբերէր 1915 թուականին թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն, որուն պատճառով մէկուկէս միլիոն հայեր ոչնչացուեցան, իսկ մնացեալները քշուեցան դրացի հիւրընկալ արաբական երկիրներ, յատկապէս Հալէպ, Անտիոք, Լաթաքիա, Դամասկոս, Պէյրութ, Երուսաղէմ, Ամման, Պաղտատ եւ այլուր։
Սեւան Տէր Պետրոսեան հանգամանօրէն նկարագրեց 1920-ական թուականներուն Դամասկոսի հայ փախստականներու ճամբարները, որոնք ապաստան տրամադրեցին ցեղասպանութենէն վերապրածներուն եւ օգնեցին որ զարգացնեն հայ համայնքները:
Վերջիններէս «Ալ-Գատամ» ճամբարը կարճ կեանք ունեցաւ, քանի որ կը գտնուէր քաղաքի պարիսպներէն դուրս: Խումբ մը հայեր ապաստանեցան Ալ-Գատամ երկաթուղային կայարանի մօտ գտնուող Օսմանեան բանակի հին, լքուած զօրանոցին մէջ։
«Տիգրան» ճամբարը կը կոչուէր նաև «Պապ Շարքի» կամ Արևելեան դարպաս։ Անիկա կը գտնուէր Դամասկոս քաղաքէն հարաւ։ Այստեղ փախստականները նախ վրաններ եւ թիթեղեայ ժամանակաւոր հիւղակներ շինեցին, բայց շուտով անոնք սկսան կառուցել աւելի վստահելի կացարաններ՝ Նանսենի գրասենեակի դրամական վարկերով:
«Խչեր»ի ճամբարը կոչուած է ի պատիւ Կիլիկիայէն փրկուած Խչեր Կէօնճեանի, որ արաբներէն հող վարձելով վրան խրճիթներ կառուցեր է ու վարձու տուեր հայերուն՝ չնչին շահոյթ ունենալով։ Տեղի արաբ բնակչութիւնը պարզապէս անուաներ է «Հայկական ճամբար»։
Բանախօսուհին ներկայացուց բազմաթիւ վիճակագրութիւններ եւ այլ կարեւոր տեղեկութիւններ, ինչպէս օրինակ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 1438-1445 թուականներուն, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին՝ 1826-ին, Հայ Աւետարանական եկեղեցին՝ 1922-ին։ Սեւան նշեց նաեւ որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Սուրիոյ մէջ հաստատուած էին մօտ 100 հազար հայեր, 80 հազար՝ Լիբանանի մէջ։ Մինչեւ օրս Դամասկոսի մէջ կ’ապրի մօտ 5000 հայ։
Շնորհանդէսի աւարտին հանդիսավար Հ. Սեփեթճեան ընթերցեց Դամասկոսի թեմի ներկայիս առաջնորդ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի կողմէ ուղարկուած օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելէ ետք ԹՄՄ-ի ձեռնարկը այսպիսի կարեւոր հետազօտութեան մը առթիւ դասախօսութիւն կազմակերպելու համար, իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր հայրենակից Սեւան Տէր Պետրոսեանին եւ այս առթիւ կը թելադրէր.
– Կը քաջալերեմ եւ կը խնդրեմ որ ձեր դասախօսութեամբ կատարած ուսումնասիրութիւնը խմբագրէք գիրքի մը ձեւով, որպէսզի կարելի ըլլայ հրատարակութեան համար։ Դամասկոսի Առաջնորդութիւնը պատրաստ է սիրով ստանձնելու այդ գիրքին տպագրութեան մեկենասութիւնը եւ ի հարկին նաեւ կազմակերպելու անոր արաբերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը։
Մ.Գ.