Փեսքով. «Մոսկուան ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղեն Երեւանին ու Պաքուին»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային տեղի ունեցած բախումներու առնչութեամբ կը յայտարարէ. «Շփման գիծէն ստացուող լուրերը, անշուշտ, մտահոգիչ են, երկու կողմին զսպուածութեան կոչ կ’ուղղենք` ամէն ձեւով խուսափելու այլ գործողութիւններէ, որոնք միւս կողմը կարող է սադրիչ նկատել: Շատ ուշադիր պիտի հետեւինք»: