Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն կը հակադարձէ Պորէլի յայտարարութեան

Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հակադարձած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզէֆ Պորէլի յայտարարութեան:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Ատրպէյճանը կը դատապարտէ եւ կը մերժէ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Պորէլի անհիմն մեղադրանքները, որոնք ան հնչեցուցած է Փետրուար 13-ին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին։

Ժոզէֆ Պորէլի կողմէ հայկական կողմը արդարացնելը կը գնահատուի որպէս Հայաստանի ռազմական սադրանքի անտեսում։ Ցաւօք, ԵՄ-ն կ’անտեսէ հինգ ամսուան կայունութենէն յետոյ ատրպէյճանցի զինուորի վիրաւորուիլը դիպուկահարի կրակոցէն՝ առանց որեւէ սադրիչ գործօններու։ Սադրանքին ի պատասխան Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերը միանգամայն համարժէք էին եւ կը կրէին տեղային բնոյթ։ Այս միջոցները նաեւ կանխեցին ռազմական մագլցումը ընդլայնելու Հայաստանի փորձերը»։