ՀՀ նախագահ Խաչատուրեան ստորագրած է Վահան Քերոբեանը Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն ազատելու հրամանագիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրած է Վահան Քերոբեանը տնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն ազատման հրամանագիրը:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի եւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի՝ Վահան Քերոբեանին ազատել տնտեսութեան նախարարի պաշտօնից», ըսուած է հրամանագրին մէջ:

Աւելի վաղ Վահան Քերոբեան գրառում կատարած էր, որուն մէջ կ’ըսուէր․ «Ստացուեց այնպէս, որ ես տնտեսութեան նախարարի պաշտօնում այլեւս չեմ ծառայելու Ձեզ։ Երբ 2020 թ. Նոյեմբերի 20-ին ստանձնում էի նախարարի պաշտօնը, մեծ էր հաւանականութիւնը, որ մի քանի օր կամ ամիս կը մնամ այդտեղ. իշխանափոխութեան հաւանականութիւնը շատ մեծ էր։ Այս ժամանակահատուածում բազմաթիւ անհամաձայնութիւնների պատճառով բազմիցս ուզեցել եմ լքել այս աշխատանքը, սակայն ստորադասել եմ իմ անձը, որպէսզի առաւելագոյնի հասցնեմ իմ ծառայութեան արժէքը իմ երկրին։ Շնորհակալ եմ վարչապետին իմ երկրին ծառայելու այս հնարաւորութեան համար»: