Ամիրպեքով. «Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ շարք մը օրէնքներուն մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ հողային պահանջներ կան»

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ՝ Էլչին Ամիրպեքով «Պրասըլզ Սիկնըլ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ ատրպէյճանական ծաւալապաշտութեան մասին Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները անհիմն են:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ամիրպեքով պնդած է, թէ Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքին նկատմամբ որեւէ ծրագիր կամ յաւակնութիւն չունի:

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչը կրկնած է Պաքուի տեսակէտները, թէ Հայաստանի սահմանադրութեան եւ շարք մը օրէնքներու մէջ, ինչպէս նաեւ եւրոպական դատարանին Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած բազմաթիւ հայցերուն կից փաստաթուղթերուն մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ պահանջներ կան: