Պաշտօնական Պաքուն պատասխանած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Միւնիխի մէջ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըրած յայտարարութիւններուն եւ համարած է, որ անոնք «կը մոլորեցնեն միջազգային հանրութիւնը»:
«Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնները այն մասին, որ Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը աջակցութիւն չի ստանար միջազգային հանրութեան կողմէ, եւս մէկ անգամ անուղղակիօրէն կը հաստատէ, որ հայկական կողմին յաւակնութիւնները դեռ կը շարունակուին։ Այս առումով անհրաժեշտ է վերացնել Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական արձանագրութիւններու դրոյթները, որոնք կ’արտացոլեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ պահանջներ», կ’ըսուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Այհան Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ։
Ինչ կը վերաբերի ՀՀ վարչապետին յայտարարութեան, որ Ատրպէյճանը խախտած է Եռակողմ յայտարարութիւնը, Պաքուն կը համարէ, որ այդ «չունի հիմնաւորում»: Անոնց խօսքով՝ «Հայաստանը, հակառակ իր պարտաւորութիւններուն, դուրս չէ բերած իր զինուած ուժերը Ատրպէյճանի տարածքէն եւ չէ կատարած կապուղիներու բացման իր պարտաւորութիւնը»։
«Հայկական կողմը պէտք է հասկնայ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ճանապարհը կ’անցնի հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կառուցման միջով՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչման եւ յարգման վրայ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետ ուղիղ կառուցողական բանակցութիւններով», ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչը։