Ֆրանսան Փետրուար 22-ին Հայաստան կ’ուղարկէ պաշտպանական սպառազինութեան նոր խմբաքանակ։
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը կը հաղորդէ, այս մասին կը յայտնէ Le Figaro-ն։
Սպառազինութիւնը կը ներառէ Thalès ընկերութեան Ground Master (GM 200) երեք ռադար, որոնք հնարաւորութիւն կու տան 250 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերել հակառակորդի ինքնաթիռները, ինչպէս նաեւ գիշերային տեսողութեան սարքեր, հեռադիտակներ։
Կը նշուի նաեւ, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ կողմերու միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով կը նախատեսուի, որ Ֆրանսիայի բանակն այս տարի լեռնային մարտական պատրաստութեան 3 դասընթացք կը կազմակերպէ հայերու համար։
Հայաստանն ու Ֆրանսան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրեր ստորագրած էին 2023 թուականի Հոկտեմբեր 23-ին՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Սուրէն Պապիկեանի՝ Ֆրանսա կատարած այցի ընթացքին։
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեբաստիան Լեկորնյուն RTL ռադիոկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ շուտով կ’այցելէ Հայաստան։
AFP գործակալութիւնը իր հերթին յայտնած է, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը Հայաստան կ’այցելէ Փետրուարի 22-ին՝ երկօրեայ այցով։