Վերջերս, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Փարիզի քաղաքապետ՝ Անն Իդալգոյի հետ:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն կը յայտնեն՝ Անն Իդալգոն նշած է, որ մեծ ուրախութեամբ հիւրընկալած է վարչապետին եւ ընդգծած է իր շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովրդին: Քաղաքապետը տեղեկացուցած է, որ այս տարուայ Սեպտեմբերին կը նախատեսուի Փարիզի կեդրոնին բացումը կատարել Շառլ Ազնաւուրի անունը կրող այգիին, որտեղ կը տեղադրուի նաեւ մեծանուն շանսոնյէի կիսանդրին:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշած է, որ ջերմութեամբ կը յիշէ տիկին քաղաքապետի` Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցութեան առաքելութեամբ Հայաստան կատարած այցը: Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է Անն Իդալգոյի ջանքերը` Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի հետ կապուած օրակարգերու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները կարեւորած են Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ համագործակցութեան զարգացումը, մասնաւորապէս, երթեւեկութեան, շինարարութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդգծած է տարբեր ուղղութիւններով Փարիզի քաղաքապետարանի հարուստ փորձը Երեւանի հետ կիսելու անհրաժեշտութիւնը:
Անն Իդալգոն նշած է, որ Փարիզը պատրաստ է հետեւողականօրէն զարգացնել ու ամրապնդել փոխգործակցութիւնը Երեւանի հետ: