Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գ. Բաղունցի յայտարարութիւնը՝ 1988թ Սումգայիթեան ջարդերու 36-րդ տարելիցին առիթով․
«Սիրելի´ հայրենակիցներ,
Այսօր հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենաողբերգական ու հրէշաւոր էջերէն մէկուն եւ առ այսօր միջազգային իրաւունքի ուժով դատապարտման չարժանացած Սումգայիթի ջարդերու 36-րդ տարելիցն է։ Ջարդարարներու խումբերը, քաղաքի իրաւապահ մարմիններու լիարժէք անտարբերութեան պայմաններուն մէջ, կը ներխուժէին հայերու բնակարանները եւ անհաւանական դաժանութեամբ հաշուեյարդար կը տեսնէին անմեղ մարդոց հետ։ Հայերու նկատմամբ բռնութիւնները եղած են տասնամեակներու ընթացքին հետեւողականօրէն իրականացուող քաղաքականութեան ծայրայեղականացուած դրսեւորումներ։
Անպատժելիութեան եւ ամենաթողութեան զգացումի, հայերու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ամէն գնով ճնշելու ձգտման համադրութիւնը յանգեցուց Ատրպէյճանի քաղաքական գիտակցութեան եւ պետական քաղաքականութեան մէջ Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպան մտադրութիւններու արմատաւորման:
Դժբախտաբար, Սումգայիթի ջարդերէն ետք անցած 36 տարիները եւս վկայեցին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն գործելաոճը որեւէ փոփոխութիւն չկրեց, աւելին՝ շարունակական հայատեացութեան հռետորաբանութիւնը, ատելութեան քարոզը դարձան ձեռագիր.այսօրուան իրավիճակը ատոր վառ ապացոյցն է:
Յարգելի´ հայրենակիցներ,
Այսօր մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Սումգայիթի եւ այլ բնակավայրերու մէջ իրագործուած զանգուածային յանցագործութիւններու անմեղ զոհերու յիշատակին եւ կ՝արձանագրենք, որ հայատեացութիւնը, ուժի կիրառումը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան առանցքին: Իսկ կատարուած ոճրագործութիւնները քաղաքակիրթ աշխարհի համար պէտք չէ մնան որպէս պատմութեան անցած ու փակուած էջեր»: