Էդմոն Մարուքեան հրաժարած է ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի պաշտօնէն

Էդմոն Մարուքեանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած է ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւնով դեսպանի պաշտօնէն հրաժարելու դիմում:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մարուքեան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին։

«Մեր պետութեան եւ տարածաշրջանի համար ստեղծուած բարդ ժամանակաշրջանին բարձր պատասխանատուութեամբ ստանձնած եւ մեծ նուիրումով իրականացուցած եմ այս առաքելութիւնը: Սակայն վերջին շրջանին մի շարք արտաքին քաղաքական հիմնարար հարցերու շուրջ մեր տեսլականներու տարբերութիւնները անհնարին կը դարձնեն իմ հետագայ ներգրաւուածութիւնը արտաքին քաղաքական ճակատին»,- գրած է Մարուքեան:

Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ կը շարունակէ ծառայել պետութեանը ու ժողովրդին եւ իր գիտելիքներն ու փորձը, ինչպէս նաեւ միջազգային կապերը կը ներդնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-պետական շահերու պաշտպանութեան գործին:

Էդմոն Մարուքեան ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան նշանակուած էր 2022 թուականի Մարտի 14-ին։