«Ինծի կը թուի, որ մեր ժողովուրդը որոշած է քաղաքական հարցերուն առնչութիւն չունենալ». Սուրէն Սահակեան

«ԱՊԱԳԱՅ»-ի հարցերուն կը պատասխանէ հայրենի քաղաքական-հասարակական գործիչ՝ Սուրէն Սահակեան:

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ 1980 թուականին Երեւանի մէջ ծնած Սուրէն Սահակեանը մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է եւ աւարտած է Իջեւանի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը։

Մասնագիտական ուսում ստանալէ ետք ան նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ հանդէս եկած անհատական նախաձեռնութիւններով։

1998 թուականէն ասդին Սահակեան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի հանրային կեանքին եւ մասնակից դարձած է շարք մը ընկերային-քաղաքական եզրոյթ հանդիսացող նախաձեռնութիւններու։

2018-ին դարձած է «Քաղաքացու որոշում» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի մարմնի քարտուղարի պաշտօն եւ աւելի ուշ մասնակից դարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն։

Ներկայիս կը շարունակէ իր աշխոյժ քաղաքացիական մասնակցութիւնը բերել հայրենի կեանքին ու հանդէս գալ ներկայ իշխանութիւններու հեռացման պահանջով։

Վերջին շաբաթներուն եւ առօրեայ դրուածքով մը հրապարակ նետուեցան Հայաստանի համար նոր Սահմանադրութիւնը մը «պատրաստելու» մասին խօսակցութիւնները։ Ի հարկէ այդ խօսակցութիւններու մղիչ ուժը այսօրուայ իշխանութիւններն են, որոնք կը հաւատան, թէ Սահմանադրութեան մէջ տառ ու տիպ փոխելով, կամ ալ Արցախի մասին եղած նշումը վերացնելով պիտի կարողանան գոհ ձգել Հայաստանի «ոխերիմ» հարեւանները։

Ի հարկէ այս մօտեցումը նորութիւն մը չէ, այսինքն հրապարակ նետել Սահմանադրութեան խնդիրը, պարզապէս ժամանակ շահելու նպատակով։ Այդպիսով ալ հանրութեան «առիթ տալով» երազելու այդ խաղաղութեան մասին, որ այսօր ցանկացած հայու տան համար ամենաէական օրակարգն է։

Այլ խօսք, որ խաղաղութիւնը այս ոճերով չի կերտուիր, մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի բռնապետը առիթ չի փախցներ «բաց» թեքստերով ասպարէզ կարդալ Հայաստանի գլխուն։

Ի հարկէ մեզմէ շատ շատեր կը խորհին, կամ ներկայ պահուն վերատեսութեան կ’ենթարկեն այն թիւր կարծիքը, որ Արցախի հարցի «վերջանալ»էն անմիջապէս ետք, Պաքու պիտի փոխէ իր խօսոյթը եւ արագօրէն նստի եւ «անկեղծ» խաղաղութեան սեղան մը կազմէ Հայաստանի հետ։

Իրականութիւնը սակայն շատ աւելի բարդ է, քան մենք կը պատկերացնենք, որովհետեւ Ալիեւի իշխանութեան համար հիմնարար կը մնայ այն ահաւոր մօտեցումը, թէ «քանի ես յաղթած եմ, եւ յաղթողի դիրքեր ունիմ, ապա պէտք է երթամ մինչեւ վերջ…»։

Այս դրուածքը ի հարկէ գիտեն, նկատած ու ճանչցած են մեզմէ շատ-շատեր եւ անշուշտ այսօրուայ իշխանութիւնները, որոնց միակ եւ կենսական առաջադրանք-օրակարգն է պահել ու պահպանել իրենց աթոռ՝ իշխանութիւնը։

Հայրենի ժողովուրդի պարագային տակաւին ցաւալիօրէն գոյութիւն ունի, կը կենսագործէ խաւ մը, որ կը խորհի, թէ «ով ալ իշխանութեան գայ, նոյնը պիտի պատահի եւ Հայաստան տեղի պիտի տայ Ատրպէյճանի պահանջներուն առջեւ, մոռնալով անշուշտ այն կենարար ընկալումը, որ իշխանութեան փոխուելու պարագային Հայաստանն առնուազն նոր շունչ մը կը քաշէ, նոր յոյս մը կ’ունենայ իրողապէս ոտքի կանգնելու եւ արդար ու մաքուր բանակցութիւններ վարելու։

Ինչ խօսք, որ այսօր Հայաստանի մէջ գործող ընդդիմութիւնը եւս մեծ հաշուով սպառած է եւ չունի այն ներուժը, որուն ճամբով պիտի կարողանայ ոտքի հանել ժողովուրդը եւ արմատախիլ ընել, ոչ միայն իշխող վերնախաւը այլ այդ վերնախաւին որդեգրած սխալ ընկալումները։

Տակաւին չեմ խօսիր արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ Հայաստանի գործած սխալներուն, անորոշութեան ու իրմէ, իր տարողութիւնէն աւելի մեծ խաղերու մէջ իյնալու կամ մտնելու վրիպումներուն մասին, որոնք յառաջիկային ալ կը սպառնան լուրջ խնդիրներու առաջ դնել, ոչ միայն Հայաստանն ու հայրենի ժողովուրդը, այլեւ ամբողջ հայութիւնը։

Ամէն պարագայի ներկայ փուլին աւելի յստակ, աւելի պարզ եւ հասանելի դարձնելու համար այսօր Հայաստանի ներ-քաղաքական ընդհանուր իրականութիւնը, օրերս զրուցած եմ հայրենի քաղաքական-հասարակական գործիչ Սուրէն Սահակեանին հետ։

 

Ստորեւ՝ հարցազրոյցը:

 

Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ներ-քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը։ Ըստ երեւոյթին հանրութիւնը «հաշտ ու համերաշխ» կերպով գլուխ հակած է եւ դիմադրելու առումով դարձած է անուժ։ Ի՞նչ են Ձեր գնահատականները։

Անհնար է չնկատել քաղաքական հարցերուն հետ որեւէ կերպով առնչութիւն ունենալու ժողովրդական լայն զանգուածներու որոշումը։ Միեւնոյն ժամանակ, պետական քարոզչութիւնը շարունակ կը մեղմացնէ սպասուող արհաւիրքներու մեծութիւնը եւ 3 տարի է, որ շարունակ կը խաբէ, թէ շուտով, շատ մօտ ապագային հնարաւոր է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել։ Միւս կողմէ, այդ վտանգի մասին ահազանգողները չեն գտներ այն բառերը եւ փաստարկները, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն այս կառավարութեան փոփոխութիւնները եւ անով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի դէպի անդունդ երթալու գործընթացը կանխել։ Պէտք է նշեմ, որ այդ ճանապարհի փնտռտուքը համարեա օրական ռեժիմով կը շարունակուի։

 

Որոշակի ժամանակով մը դուք եւս փորձ կատարեցիք փողոցային պայքար մը ծաւալելու, սակայն կարծէք կէս մնաց այդ պայքարը. Ի՞նչ են պատճառները։

Ինչպէս արդէն նշեցի, անհրաժեշտ բառերը չգտնուեցան։ Բայց մենք եւս անընդհատ փնտռտուքի մէջ ենք եւ առաջին փոքր անյաջողութիւնը մեզի չի յուսահատեցներ։ Իրավիճակը կտրուկ ձեւով կը տարբերի ոչ միայն Հայաստանի մէջ եղած որեւէ իրավիճակէ, այլ նաեւ համաշխարհային մաշտապով, դժուար թէ գտնել նմանատիպ իրավիճակ, որ տեղի ունեցած է։ Այդ առումով մենք ստիպուած ենք զգոյշ շօշափելով եւ սխալելով ճիշդ ճանապարհը գտնել։ Ես հակած չեմ մեղքը բարդելու հանրութեան անտարբերութեան վրայ։ Եթէ հանրութեան առաջարկուածը համոզիչ է, կը կարծեմ, որ ժողովուրդը պատրաստ է իր ձեռքը առնել իր ապագայի համար պատասխանատուութիւնը եւ գործել։

 

Ինչպէս կը գնահատէք Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ նոր Սահմանադրութիւն մը գոյացնելու առաջադրանքը։ Հայաստանն այսօր նոր Սահմանադրութեան կարիքն ունի՞։

Հայաստան կարիք ունի Սահմանադրութեան մը, որ մեզի տանի ժողովրդավարացման ու զարգացման։ Այն, ինչ պիտի առաջարկէ Փաշինեան, ամենեւին այդ նպատակը չունի։ Անոր առաջարկները պիտի վերաբերին մեր Սահմանադրութեան մէջ Ալիեւի պահանջները կատարուած տեսնելուն եւ Փաշինեանի կառավարումը երկարաձգելուն։ Անոնք ժողովուրդի պահանջներու մասին չեն, ես աւելին կ’ըսէի՝ այդ առաջարկները ժողովուրդի դէմ են։

 

Արտաքին քաղաքականութեան առումով երեւելի սկսած է դառնալ, որ Հայաստանն ամբողջութեամբ սկսած է «խրուիլ» Արեւելք-արեւմուտք մեծ պայքարին մէջ. այդ մէկը Ձեզի համար անհանգստութիւն կը պատճառէ՞։

Ինծի անհանգստութիւն կը պատճառէ այն, որ Հայաստան իր նպատակները չի սահմաներ։ Երբ Հայաստան յայտարարէ, թէ ինչ արժէքային համակարգով, ինչ նպատակներ ունեցող պետութիւն է եւ բացի յայտարարելէ, սկսի ըստ այդմ գործել, մենք վերջապէս բարեկամներ կ’ունենանք։ Մինչեւ հիմա, համաշխարհային փոփոխութիւններու ծիրէն ներս մեր քաղաքական շերտը որոշած է աննկատ մնալ եւ չէզոք դիրք բռնել։ Այդ վիճակը յանգեցուցած է շատ ծանր հետեւանքներու՝ ցեղասպանութենէն սկսած, մինչեւ մեր այսօրուան իրավիճակը։ Մենք կը վախնանք մեր մասին բարձր յայտարարելու եւ հռչակելու մեր արժէքները, պէտք չէ ամչնալ մեր ցանկութիւններէն։ Ըստ այդմ ալ կ’ունենանք այդ ցանկութիւնները իրականութիւն դարձնելու միջոցներ։ Այլապէս, երբ աշխարհի նոր յարաբերութիւններու քարտէզը պատրաստ ըլլայ, խնդիրները պիտի լուծուին մեր հաշւոյն։ Մենք կրկին պիտի յայտնուինք յաղթողներու դուռը ծեծող քաղաքական որբի կարգավիճակով՝ թուղթէ շերեփները մեր ձեռքերուն։

 

Վերջին օրերուն դարձեալ քննարկումի թեմա սկսած է դառնալ Հայաստան-ՀԱՊԿ յարաբերութիւնը, Փութինի Հայաստան գալ-չգալու եւ գալու պարագային ձերբակալուելու, ինչպէս նաեւ Զելենսքիի Երեւան ժամանելու հարցերը։ Այս բոլորին առընթեր երեւելի է, որ պաշտօնական Երեւան անյստակութիւններու մէջ է. կա՞յ այդպիսի բան եւ այդ մէկն ինչքանով վտանգաւոր է մեր երկրին համար։

Ես կը կարծեմ, որ որեւէ կառավարութիւն չէ եղած, որ այնքան վախնայ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կորսնցնելու հեռանկարէն, որքան ներկայ կառավարութիւնը։ Այն հնազանդօրէն պիտի կատարէ բոլոր այն հրամանները, որոնք կը ստանայ Ռուսիայէն։ Այդ առումով այս կառավարութենէն պէտք չէ սպասել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու փոփոխութիւն։ Այդ այդպէս է աւելի եւս այն պատճառով, որ մեր բոլոր թշնամիները կը տեսնեն, որ  բաւական է պատերազմով քիչ մը սպառնալ եւ այս կառավարութիւնը հնազանդօրէն կը կատարէ բոլոր պահանջները։ Եւ չկայ պատճառ մը, որ Ռուսիան իր քմահաճոյքները բաւարարուած տեսնելու համար, Հայաստանին չսպառնայ այդ վերահաս պատերազմով։

 

Ատրպէյճանի բռնապետը կը շարունակէ պատերազմական հռետորաբանութեամբ արտայայտուիլ ու նաեւ մերթ ընդ մերթ սպառնալիքներ տեղացնել Հայաստանի դէմ։ Այս մթնոլորտին մէջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի լեզուով խօսիլը ինչքանով ճիշդ է Հայաստանի համար։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով։

«Խաղաղութեան խաչմերուկ» կոչուող յիմարութեան մասին բոլոր խօսքերը ըսուած են։ Ատիկա անիրականանալի բան է։ Այդ քաղաքականութիւնը հռչակելով, պատրանքային խաղաղութեան ճանապարհին Հայաստան կորսնցուց շատ բաներ, որոնք մինչ այդ ոչ ոք կը վիճարկէր։ Աշխարհի վրայ 2 մարդ կայ, որ շատ լաւ գիտէ, որ այդպիսի «խաղաղութիւն» հնարաւոր չէ։ Առաջինը Ալիեւն է, երկրորդը՝ Փաշինեանը։ Փաշինեան այդ օրակարգը կ’օգտագործէ, որպէսզի իր իշխանութիւնը պահէ։ Եթէ ժողովուրդն իմանայ, որ ամէն ինչ միեւնոյնն է՝ պատերազմի պիտի երթայ, ապա չեմ կարծեր, թէ հաշտ կ’ըլլայ կրկին Փաշինեանի ղեկավարութեամբ նոր պատերազմի մէջ մտնել։ Խաղաղութեան կեղծ օրակարգը միակն է, որ կրնայ կառավարելու շարունակականութիւն ապահովել անոր։ Իսկ Ալիեւն այդ օրակարգը կ’օգտագործէ, քանի դեռ անով կրնայ Հայաստանէն նորանոր զիջումներ կորզել։ Երբ այդ մէկը այլեւս անհնար դառնայ, մենք կը տեսնենք, որ անոնցմէ որեւէ մէկը ի սկզբանէ խաղաղութիւն չէր ալ պատկերացներ։

 

Սագօ Արեան