ՕՐԵՐ եւրոպական ամսագրի գլխաւոր խմբագրի հարցերուն կը պատասխանէ Թէքէեան Մշակութային միութեան ԱՄՆ եւ Գանատայի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ,
անուանի գիտնական, դոկտոր Արշաւիր Կէօնճեան: (Արտատպուած Փրակայի «Օրեր» ամսագրի 9-12/97/2023 համարէն):
Հակիրճ Կենսագրական Գիծեր
Արշաւիր Կէօնճեան ծնած է 1935-ին՝ Եգիպտոս Աղեքսանդրիա: Տեղւոյն պետական համալսարանը աւարտած է 1959-ին Էլեքտրագիտութեան բնագաւառին մէջ: 1960-ին ընդունուած է Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքի University of Pennsylvania համալսարանէն ուր 1965-ին ստացած է իր դոկտորական P.H.D. կոչումը Quantum Electronics ընդհանուր բնագաւառին մէջ: Ապա Դոկտ. Կէօնճեան 1965-ին անցած է Գանատա որպէս փրօֆէսօր Մոնթրէալի Mc. Gill համալսարանին մէջ, ուր դասախօսութեանց կողքին իր գիտահետազօտական աշխատանքները կատարած է լազերային բնագաւառին մէջ: 1995-ին, Product Security բնագաւառին մէջ իր ստեղծած բազմաթիւ թէքնօլօժիներով ստեղծուած Nocopi ընկերութեան մէջ գլխաւորած է գիտաշխատանքները Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ հանգստեան անցնիլը 2014 թուականին: Այս ընթացքին Դոկտ. Կէօնճեան հեղինակած է գիտական բազմաթիւ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ տէրն է մօտ քսան եւ հինգ patent-ներու:
Այս բոլորով մէկ տեղ եւ արհեստավարժական իր ասպարէզին զուգահեռ, եզակի երեւոյթ է որ Դոկտ. Կէօնճեան տիրական դեր կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել ազգային կեանքին մէջ:
Անոր ազգային բազմաշերտ գործունէութեան եւ ղեկավարութեան կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերի Գանատահայ եւ Մոնթրէալահայ գաղութի կառուցային հիմնարկներու ստեղծման բանալի աշխատանքին: Ան հիմնած է Գանատայի առաջին հայ վարժարան՝ը Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան հրաշագեղ եռալեզու վարժարանը: Հիմնադիրներէն է Գանատայի առաջին «Ապագայ» եռալեզու շաբաթաթերթին: Ան նաեւ հիմնադիրն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմին, եւ այժմ կոչուած է Պատուոյ Ատենապետը անոր Թեմական Խորհուրդին:
Գանատայէն դուրս սփիւռքահայ եւ ազգային կեանքին մէջ բանալի դեր կատարած է, աւելի քան 30 տարիներ ըլլալով Հ.Բ.Ը.Մեան Կեդրոնական Վարչական ժողովի անդամ, յատկապէս մեծանուն հանգուցեալ Նախագահ Ալեք Մանուկեանի ամենամօտ խորհրդակիցներէն մէկը եւ տասնեակ մը տարիներ, Միութեան Փոխ- Նախագահը: Նոյնպէս Դոկտ. Կէօնճեան 25 տարիներ եղած է Ռ.Ա.Կեան Կեդրոնական Վարչութեան ամենագործն անդամներէն մէկը եւ տասնեակ տարիներ անոր Ատենապետը յատկապէս Հայաստանի անկախացման տարիներուն շրջանին: Այդ շրջանին է որ հիմնուած են Հայաստանի Ռ.Ա.Կ.-ը, Թ.Մ.Միութիւնը եւ «Ազգ» օրաթերթը:
Իր երկար տարիներու բեղմնաւոր բացառիկ գործունէութեան ընթացքին Դոկտ. Կէօնճեան ստացած է Հայրապետական եւ Ազգային Բարձրագոյն շքանշաններ եւ պատուոյ կոչումներ: Վերջապէս՝ 2019 թուականին՝ ան ստացած է Գանատական քաղաքացիական բարձրագոյնը հանդիսացող «Member of The Order of Canada» կոչումը:
–ՌԱԿ մամուլում յաճախ էք հանդէս գալիս Հայաստանի ու սփիւռքի մասին հրապարակախօսական յօդուածներով՝ խորը մտահոգութիւն յայտնելով ստեղծուած իրավիճակի առիթով։ Ներհայաստանեան պառակտուածութիւնն անցել է նաեւ սփիւռք։ Ի՞նչ նոր մեխանիզմներ են հարկաւոր, որպէսզի վերականգնուի հայութեան միասնականությունը եւ ո՞րն է փակուղուց դուրս գալու ճանապարհը։
-Իրապես, այսօր խորապէս ցնցուած է հայ աշխարհը: Վերջին համազգային աղէտալի շրջանը ապրելէ ետք այլեւս ակնյայտ է, որ նախապէս «ազգային վերազարթնում» նկատուած հայութեան վիճակը իր մէջ կը պարունակէր մահացու ըլլալու աստիճան լրջագոյն կառոյցային ճեղքեր ու տկարութիւններ: Ահա իրար գումարուած, աւելի եւս բարդացած այդ հիմնական տկարութիւններուն արդիւնքն է անկասկած, որ վերջին կարճ ժամանակամիջոցին ընթացքին, հայութիւնը հասած է ճզմուած, խեղճացած եւ շշմած՝ այսօրուան իր վիճակին: Արդարեւ, դիմադրութեան անկարող այդ վիճակին մէջ, իր վրայէն կոխելով անցաւ ռազմաքաղաքական անխիղճ գլանը ամբողջ աշխարհին: Այսօրուան ամէնամտահոգիչ եւ վտանգաւոր ազդակը այն է մանաւանդ, որ ամբողջ հայութիւնը, բացի շշմած ըլլալէ, այսօր կը գտնուի մանաւանդ շուարած վիճակի մէջ:
Մեր ազգային ընդհանուր պատկերին այսօրուան դիմագիծը կ’ամփոփեմ հետեւեալ ձեւով: Արցախը անհաւատալիօրէն քանի մը ժամուան ընթացքին դատարկուած է իր հարիւր հազարաւոր բազմադարեան ժողովուրդէն: Հայաստանը ինքնին կը գտնուի անապահով՝ իր սահմաններուն վրայ արիւնարբու կանգնած ոխերիմ թշնամիին թաթին տակ, մինչ բոլորովին անվստահ քայլերով, ան մէկ կողմէ աջ եւ ձախ գոյութենական անորոշ ջանքեր կը կատարէ, եւ միւս կողմէ անզօր՝ կը դիտէ զինք յուսալքուած ժողովուրդին արտահոսքը: Այս տխուր իրականութեան առջեւ որպէս անզօր դիտող միայն՝ նոյնպէս յուսալքուած կանգնած է բոլորովին անհամադրուած կառոյցով եւ հաւաքապէս անկազմակերպ վիճակի մէջ՝ սփիւռքահայութիւնը:
Այս տժգոյն առարկայական իրականութեան առջեւ՝ բոլորս, ստիպուած ենք ձեռնարկելու նախ եւ առաջ լրջագոյն ինքնաքննութիւն մը: Խորքային, համարձակ եւ անկեղծ մօտեցումով մը պէտք է փնտռենք եւ գտնենք այսօրուան մեր խեղճացած վիճակին տուն տուող գլխաւոր պատճառները: Յետոյ, նոյն անկեղծ եւ մանաւանդ համարձակ մօտեցումով քաջութիւնը պէտք է ունենանք գործադրելու վերակազմակերպման անհրաժեշտ եւ հիմնական այն միջոցառումները, որոնց շնորհիւ է միայն, որ աշխարհատարած հայութիւնը այս հանգրուանին կրնայ որդեգրել տրամաբանական, համոզիչ եւ յոյս ներշնչող այն ճանապարհները, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին աշխարհատարած հայութիւնը կրնան անգամ մը եւս առաջնորդել դէպի վերականգնում: Անհրաժեշտ հսկայական այս աշխատանքին ձեռնարկելը եւ մանաւանդ զայն ազգովին առաւելագոյն յաջողութեամբ գլուխ հանելը արտասովոր տիտանային մարտահրաւէր մըն է անկասկած:
Սակայն եթէ ոչ ամբողջովին, գոնէ մեծ չափով պէտք է յաջողինք այս դժուար առաքելութեան մէջ, որպէսզի իսկապէս դուրս գանք այսօրուան ֆիզիքական եւ հոգեբանական ջլատիչ փլատակներուն տակէն:
Այս անգամ, մաղթելի այս նոր վերածնունդը պէտք է անպայման կանգնած ըլլայ գործնական, դիւանագիտական, ռազմավարական եւ տնտեսական տոկուն խարիսխներու վրայ: Քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, տնտեսագէտներ, ընկերաբաններ, ռազմագէտներ, զինուորական մասնագէտներ բոլորն ալ պարտին մասնակցիլ համազգային մասնակցութիւն պահանջող այս կենսական աշխատանքին:
Օրուան իշխանութիւնը այս նպատակով պարտի ստեղծել վստահութիւն ներշնչող կազմակերպիչ մարմին մը: Ուրիշ խօսքով՝ հայաստանաբնակ եւ սփիւռքաբնակ տարբեր հոսանքներու մասնակցութեամբ եւ բարձրագոյն մակարդակով պարտի ստեղծել արհեստավարժ Ազգային Ռազմավարութեան գերատեսչութիւն մը կամ նախարարութիւն մը: Ուստի անհրաժեշտ է որ Հայաստանի օրուան իշխանութիւնը, այնտեղ գործող մտաւորական եւ քաղաքական տարբեր հոսանքներու ղեկավարութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութիւնները եւ սփիւռքեան կարեւորագոյն կառոյցներու ղեկավարները, բոլորը, կարենան իրենց վարած դիրքերուն համազօր կարողութիւն եւ հասունութիւն ցոյց տալ:
–Ձեր յօդուածներից մէկում գրել էիք, որ Հայաստան–Սփիւռք կապն էլ հասել է զրոյական մակարդակի։ Ի՞նչ է հարկաւոր, որպէսզի վերականգնուեն այդ կապերը գոնէ նախկին մակարդակով։ Եւ յետոյ, դա միայն Հայաստանի իշխանութիւնների խնդի՞րն է, թէ՞ սփիւռքն էլ անելիք ունի այս հարցում։
– Այո, նոյն ինքն Սփիւռքը խղճալի հաւաքական անկարողութեան մէջ է, քանի որ հակառակ իր մէջ պարփակած մեծ կարելիութեանց, ան անզօր դիտողի դիրքին մէջ մնաց, մինչ միջազգային կրկէսին մէջ ակնյայտօրէն կը յօշոտուէր իր հայրենիքը: Արդարեւ, տարիներու ընթացքին հայ Սփիւռքին մէջ ստեղծուեցան մարդկային, մտաւորական եւ նիւթական հսկայական տարողութեամբ բազմաթիւ գաղութներ եւ կազմակերպութիւններ, միւս կողմէ գործնականին մէջ անոնց հաւաքական կարողութիւնը եւ, հետեւաբար, ազգային ռազմավարական օգտակարութիւնը փաստուեցաւ, որ հազիւ թէ ոչինչէն փոքր ինչ աւելի է: Այս անհաւատալիօրէն խեղճ արդիւնքին պատճառը որպէս հաւաքականութիւն՝ անոր հիմնական անհամադրուած, հետեւաբար՝ անկազմակերպ վիճակն է անկասկած: Որոշ է թէ եկեղեցին, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, արհեստավարժական եւ այլ բազմատասնեակ՝ յաճախ մեծ տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններ, ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար փոխանակ գործակցաբար զիրար աւելի ուժեղացնելու, ընդհակառակը՝ դարձած են իրարմէ անջատ անհամադրուած միաւորներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ ինքզինք արդարացնել իրեն յատուկ գործունէութեամբ՝ առանց նոյնիսկ ջանալու զայն համադրել իր կողքին, նոյնիսկ իր թաղին մէջ գործող միւս կազմակերպութեանց հետ: Այս դրութիւնը պարզապէս վատնում է թէ՛ մարդոյժի եւ թէ՛ նիւթական եւ այլ միջոցներու:
Բազմիցս յայտնած եմ թէ անյետաձգելի պահանջ կը նկատեմ որ հայրենիքէն իսկ բխող նախաձեռնութեամբ մը եւ սփիւռքեան կարեւորագոյն մասնիկներուն մասնակցութեամբ ստեղծուի տրամաբանական եւ գործադրելի կառոյց մը, որ ստեղծէ համադրուած գործունէութեան մը կարելիութիւնը: Արդարեւ, բոլորովին ինքնախաբէութիւն է տակաւին կրկնել, թէ «Մինչ Ատրպէյճանը հարուստ է իր քարիւղով, Հայաստանը հարուստ է իր Սփիւռքով»… Հոգեբանական տարբեր պատնէշներ պէտք է վար առնուին որպէսզի յաջողի այսպիսի կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
–Մի քանի տարի առաջ, երբ պատրաստում էինք ՌԱԿ 100-ամյակին նուիրուած թղթածրար, կուսակցութիւնը գտնւում էր առճակատման մէջ։ Յոյս կար, որ բանակցութիւնների միջոցով կը վերականգնուի կուսակցութեան միասնականութիւնը, սակայն մինչ օրս որեւէ փոփոխութիւն չեղաւ։ Իբրեւ ՌԱԿ երկար տարիների ատենապետ, ինչպէ՞ս էք գնահատում ստեղծուած իրավիճակը, ինչու՞ կուսակցութիւնը այսպէս ջլատուեց, ո՞րն էր հիմնական պատճառը։ Ինչպիսի՞ հեռանկար է սպասւում։ Միաւորման յոյս կայ՞։
– Շատ հասկնալի եւ տեղին է Ձեր հարցումը Ռ.Ա.Կ.-ի ներկայ անփառունակ վիճակին մասին, եւ տարիներէ ի վեր այդ կացութեան բարւոք լուծման չհասնելուն ցաւալի երեւոյթին մասին:
Նոյն ժամանակ թոյլ տուէք որ պարզօրէն եւ անհամեստօրէն Ձեզ վստահեցնեմ թէ այդ հարցը կու տաք այս օրերուն տակաւին կենդանի շատ փոքր թիւով անձերէն այն մէկուն որ կարող է վաւերական եւ ամբողջական վերլուծումը կատարել այս ցաւալի հարցին:
Անհրաժեշտ է նախ որ ետ երթամ եւ որպէս մեկնակէտ հաստատեմ թէ Ռ.Ա.Կ.-ը ստեղծուած է 1921-թուին՝ հիմնադիր ունենալով համազգային յարգանքի արժանի տեսաբան՝ ազգային գերագոյն շահերուն առաջնահերթութիւն տուող բացառիկ անձնաւորութեանց կողմէ: Թէեւ պիտի խուսափիմ յատուկ անուններ յիշելէ սակայն բացառաբար այստեղ կը յիշեմ անոնցմէ Միհրան Տամատեանը եւ Վահան Թէքէեանը:
Ռ.Ա.Կ.-ը ստեղծուած է որպէս ոչ յեղափոխական, ոչ մարտական եւ ոչ ալ բիրտ ոյժով ինքզինք պարտադրող կուսակցութիւն: Այդպէս ալ մեր կուսակցութիւնը կրցած է այդ նկարագիրը պահել անխաթար բազմատասնեակ տարիներ, կերպով մը հանդիսանալով մեր ազգի մաքուր խղճի արտայայտիչը:
Ան յաջողութեամբ անցաւ Հայաստանի Խորհրդային կարգերու շատ նուրբ, եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմի շատ դժուար՝ շրջաններէն մինչեւ 1991-ի անկախացման տարիները: Իսկ 1991-էն մինչեւ 1995, օրինակելի կառուցողական ժէսթերով ան դիմաւորեց անկախ Հայաստանի նոյնպէս դժուար շրջանը: Նոր պայմաններուն մէջ ստեղծեցինք մտաւորականութեան մէջ լայն խանդավառութիւն ստեղծող Հայաստանի Ռ.Ա.Կ.Ստեղծեցինք,երկրին հինցած լրագրական մտածողութիւնը շրջող «Ազգ» օրաթերթը եւ այլն:
Այս հանգրուանին է որ մինչ ես արդէն իսկ տասը տարիներէ ի վեր վարած էի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետութեան դժուար շրջանը եւ կարգ մը կարեւորագոյն գործակիցներէս ուրիշներ եւս որոշած էին ջահը փոխանցել նորերու, պատահեցաւ որ այդ նորերը չեղան հաստատուած Ռ.Ա.Կ.-ի հրաշալի ընթացքը շարունակողները, այլ դժբախտաբար առաւելաբար եղան պատեհապաշտ անկարողներ, որոնք արդէն տարիներէ ի վեր «տանջագին» կը ձգտէին հասնիլ կուսակցութեան ղեկավարութեան:
Անկիւնադարձային այս դժբախտ շեղումը կատարուեցաւ 1995-ի Լառնաքայի Կուսակցութեան Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին առիթով:
1921-էն 1995 տարածուող ազգային կեանքի դժուարագոյն շրջաններուն ընթացքին, Ռ.Ա.Կ.ը ունեցաւ բացառիկ գնահատանք վայելող առարկայական համազգային կառուցողական խիստ պատուաբեր գործունէութիւն մը: Ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին Ռ.Ա.Կ.-ի ոյժը կայացաւ իր անշեղ եւ հետեւողական՝ բարոյական բարձր մակարդակ
պահպանած գործունէութեան մէջ: Այդ ոյժը երբեք չէ բխած իր «չունեցած» նիւթական միջոցներէն կամ բիրտ ոյժի գործածութենէն, ի տարբերութիւն իրեն մրցակից այլ կազմակերպութիւններէն:
Մտաւորական եւ բարոյական այս բարձր մակարդակը պահպանած ըլլալուն հետեւանքովն է որ Ռ.Ա.Կ.-ը բացառաբար ներդաշնակ եւ բարերար գործակցութիւն ունեցած է մասնաւորաբար ազգային մեծագոյն կազմակերպութիւն հանդիսացող Հ.Բ.Ը.Մեան հետ սկսելով անոր հիմնադրութեան շրջանէն Պօղոս Նուպար Փաշայի օրերէն, մինչեւ մանաւանդ հանգուցեալ մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի լուսաւոր շրջանը: Նոյն դրական եւ բարերար գործակցութիւնը ունեցած ենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ, մասնաւորելով Ռ.Ա.Կ.-ի յարաբերութիւնները Մայր Աթոռ ին եւ անոր յաջորդական գահակալներուն հետ եւ նոյնպէս ալ Անթիլիասի Աթոռին հետ մինչեւ 50ական թուականներու կործանիչ հերձուածը: Նոյնը եղած է Ռ.Ա.Կ.-ի շինիչ գործակցութիւնը Երուսաղէմի Ս. Աթոռին հետ ինչպէս նաեւ աշխարհատարած Առաջնորդական բոլոր Թեմերու եւ Առաջնորդներուն հետ:
Ահա այստեղ է որ պիտի ընդգծեմ եւ մատնանշեմ թէ 1995-ին, հազիւ թէ այդ «տանջալից մարմաջով» կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելու փափաքը ունեցողները եկան Կեդրոնական Վարչութեան գլուխը, անոնք ամբողջովին շրջեցին
75-ամեայ Ռ.Ա.Կ.-ի դիմագիծը եւ անոր ազգային գործունէութեան բարձր մակարդակը: Հազիւ թէ ամիսներ անցած, համարձակեցան նոյնիսկ «վտարել» բազմատասնեակ տարիներու օրինակելի վաստակ ունեցող և հեղինակաւոր ղեկավարներ քանի որ անոնք չէին հետեւէր իրենց քանդիչ «հրահանգներուն»:
Ռ.Ա.Կ.-ի աւանդական եւ աւանդապահ ղեկավարութիւնը, որուն գլխաւորներէն մէկն էի ես, ցաւով հետեւեցանք ամէն տարի աւելի եւս վատթարացող այս կացութեան: Ամենատխուր հետևանքներէն մէկը այս կացութեան եղաւ այն որ Ռ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր անդամակցութեան մէջ ազնուագոյն սկզբունքներով գործող աւանդապահ կուսակցականներէն շատեր չհանդուրժելով մակարդակային այս անկումը պարզապէս հեռացան որեւէ գործօն մասնակցութիւն բերելէ՝ հետզհետէ աւելի անկարող եւ ազգավնաս տարրերով գործող օրուան կուսակցութեան աշխատանքին: Այս տխուր կացութեան անխուսափելի միւս կարեւոր հետեւանքը եղաւ այն որ մինչ աւանդական Ռ.Ա.Կ.-ը այնքան շինիչ կառուցողական դեր կատարած էր ազգային կեանքին ամենադժուար հանգրուաններուն՝ անցնող 74-տարիներուն ընթացքին, ան դժբախտաբար բոլորովին կորսնցուց որոշիչ եւ դրական դեր կատարելու իր կարողութիւնը:
Ես եւ ինծի հետ այն ղեկավարները որոնք Ռ.Ա.Կ.-ի պանծալի դիմագիծը պահողները եղած էինք մինչեւ 1995-ի տխուր շրջադարձը, բնականաբար չէինք կրնար մնալ անհոգ եւ չպատասխանել յաջորդող տարիներուն ընթացքին մեզի կատարուած բուռն դիմումներուն որպէսզի միջամտենք եւ ջանանք «լուծում եւ լեզու գտնել» վերջ տալու համար անպատասխանատու այս վիճակին:
Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին բազմիցս ի զուր փորձեր կատարուեցան համաձայնութեան ձեւեր գտնելու որպէսզի միասնականութիւնը վերահաստատուէր կուսակցութեան մէջ: Այդ փորձերէն յատկապէս երկուքին մէջ, ընդառաջելով ընդհանուրին պնդումներուն, ես ուղղակի մասնակից եղայ եւ ստանձնեցի երկխօսութիւնները համադրողի պատասխանատուութիւնը:
Այս իրարյաջորդ փորձերուն ընթացքին, գոնէ վստահօրէն անոնց պարագային որոնց մասնակից եղայ ես, կատարեցի իմ դերս հաւասարակշռուած եւ տրամաբանական վերջ մը դնելու այս ցաւալի կացութեան:
Վերջին այդ փորձը կատարուեցաւ 2019-էն 2021 թուականը ամբողջ մէկ տարի տեւողութեամբ: Հետեւողական մեր քայլերով թէեւ սկզբնաւորութեան թուաց թէ մասնակիցները կը մօտենային հաւանական լուծումներու, սակայն ի վերջոյ անգամ մը եւս մնաց խանգարիչ նոյն խմբակը որ չմասնակցելով այս աշխատանքին փաստեց թէ ցաւալիօրէն պարզապէս իրեն կը պակսէր ազգային գիտակցութեան եւ լրջութեան այն մակարդակը որ անհրաժեշտ էր որպէսզի յաջողէր այս կենսական աշխատանքը ի նպաստ վերամիացնելու եւ վերականգնելու Ռ.Ա.Կ.-ը եւ մանաւանդ, որ ան վերադառնար ազգային գործունէութեան կեդրոնը եւ վերստանձնէր իր բարերար դերը որ այնքան կարեւոր է մանաւանդ ազգային գոյութենական տագնապի այս օրերուն:
Յետադարձ ակնարկով պարզ է թէ 1995-ին պէտք չէր հաւատք ընծայուէր անոնց որոնց փոխանցուեցաւ Ռ.Ա.Կ.-ի ղեկավարութիւնը:
Այսօր՝ Ռ.Ա.Կ.-եան աւանդապահ ղեկավարներու առաւել նօսրացումով, վերակազմակերպման միակ կարելիութիւնը կրնայ ստեղծուիլ երբ ղեկավարութիւն ստանձնեն միջին տարիքի իսկապէս կարող, գիտակից եւ սկզբունքային հաւատաւոր կեցուածք ունեցող կուսակցականներ: Այլապէս եթէ նոյնիսկ արուեստական լոզունգներով կայանան երևութական ձեւական համաձայնութիւններ, դժբախտաբար Ռ.Ա.Կ.ը ափսոս երբեք պիտի չվերագտնէ անցեալի ազգային կառուցողական դեր կատարելու իր կարողութիւնը:
– Երջանկայիշատակ Երուանդ Ազատեանի մահուանից յետոյ, այս տարի գլխավորեցիք Թէքէեան Մշակութային Միութեան ԱՄՆ եւ Գանատայի կեդրոնական վարչութիւնը։ Այժմ ի՞նչ գործունէութիւն է ծավալում Միութիւնը, որո՞նք են հիմնական ծրագրերը։
-Երջանկայիշատակ Երուանդ Ազատեանի մահը 2023 տարուայ սկզբնաւորութեան անկասկած շատ մեծ կորուստ մըն էր համազգային չափանիշով: Կորուստը շատ մեծ էր նաեւ թէ աւանդապահ Ռ.Ա.Կաններուս համար, Թէ Թ.Մ.Մ.-եան համար եւ վերջապէս անձնապէս ինձ համար: Արդարեւ հանգուցեալ Ազատեանին հետ, որպէս գաղափարակից իմ ամենամօտ ընկերս, մեր բարեկամութիւնը եւ գործակցութիւնը կ’երկարէր աւելի քան վեց տասնամեակներու վրայ:
Խօսելով Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-ին մասին, մենք երկուքս ալ եղած ենք անոր հիմնադիրներէն Պոսթոնի մէջ 1969-ին, ամբողջ կէս դար առաջ: Այս բոլորը կը մատնանշեմ պարզապէս աւելցնելու համար թէ Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-ի գործունէութեան ուղղութիւնը եւ ծրագիրները որոշելու եւ հետապնդելու աշխատանքը տարիներու ընթացքին մեծ մասամբ կատարած ենք խորհրդակցաբար:
Հետեւաբար պատասխանելով Ձեր հարցին պէտք է ըսեմ թէ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետութիւնը ստանձնելովս Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-ը հիմնականին մէջ պարզապէս կը շարունակէ տասնեակ տարիներէ ի վեր կատարած իր հարուստ գործունէութիւնը:
Առաջին հերթին, Թ.Մ.Միութիւնը ստեղծուած է Պէյրութի մէջ 1947 թուին, նոյնպէս համազգային յարգանք վայելող մտաւորական ղեկավար դէմքերու կողմէ: Յայտնի է նաեւ թէ Թ.Մ.Մ.-ը ստեղծուած է որպէս լայն իմաստով անկախ՝ բացառապէս մշակութային կազմակերպութիւն եւ սակայն մեր ազգային մեծ հարցերուն կապակցութեամբ ան հիմնովին կը հետեւի ազգային գերագոյն շահերու օգտակար հանդիսանալու միտումով եւ ներդաշնակօրէն՝ աւանդապահ Ռ.Ա.Կ.-եան դիրքորոշումներուն հետ:
Այսպէս ուրեմն Թ.Մ.Մ.-ը որպէս կազմակերպութիւն ունի իր ուրոյն կառոյցը:
Յատկապէս Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Միւնը բարեբախտաբար հիմնուած է 1969-ին հեռատեսութեամբ պատրաստուած յատուկ տոկուն կանոնագրութեան մը համաձայն: Շնորհիւ այս օրգանական հաստատուն իր կառոյցին է որ Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Միութիւնը բոլորովին հեռու մնաց Ռ.Ա.Կ.-եան մէջ տարիներէ ի վեր տիրող փլուզիչ ներքին անհամաձայնութիւններու քանդիչ վիճակէն:
Այսպէս ուրեմն Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Միութիւնը այսօր ինչպէս անցեալին կը շարունակէ իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ զօրավիգ կանգնիլ առաջին հերթին ազգային մասնաւոր կարեւոր արժէք ներկայացնող հրատարակութեանց: Պէտք է նշել թէ այս բնագաւառին մէջ երթալով կը պակսին հայ աշխարհին մէջ տրամադրելի միջոցները: Միւս ուշադրութեան արժանի բնագաւառն է կրթականը ուր եւս տարբեր տրամադրելի միջոցները հետզհետէ կը պակսին:
Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Մեան Կեդրոնական Վարչութեան, տասնեակ տարիներէ ի վեր յաջողութեամբ շարունակուող մէկ ծրագիրն է յատկապէս, իր իւրայատուկ՝ Հայաստան-Արցախ դպրոցներու, ուսուցիչներու տարեկան օժանդակութեան ծրագիրը: Նոյնպէս Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Միութիւնը հետեւականօրէն կ’օժանդակէ Պէյրութի մէջ գործող Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցին:
Տարիներէ ի վեր Երևանի մէջ նիւթական կարևոր պարգևներով կը քաջալերենք մշակութային արժանաւոր գործերու հեղինակներ։ Մեր ծրագիրներուն մէջ տեղ կու տանք նաեւ երաժշտական բնագաւառին, օժանդակելով մշակութային յատուկ նշանակութիւն ունեցող ծրագրերու:
Վերջապէս Ա.Մ.Ն. եւ Գանատա Թ.Մ.Միութիւնը հետեւականօրէն մշտապէս, առաջնահերթութեան կարգով, կազմակերպած է, և այսօր ևս կը շարունակէ գործադրել, աղէտալի պատահարներու պատճառաւ, ծանր կերպով տուժած մեր հայրենակիցներուն օգնութեան կարևոր ծրագրեր: Այդ աղէտալի վերջին պատահարներէն մէկն է Պէյրութի մէջ պատահած կործանիչ պայթումը որմէ տուժողներուն համար կազմակերպեցինք կարևոր օգնութիւն մեր միջոցներու սահմաններուն մէջ:
Նոյնքան եւ շատ աւելի ահաւոր էր անցնող տարուան վերջաւորութեան պատահած ամբողջ Արցախի կորստեան աներեւակայելի ազգային աղէտը: Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Թ.Մ.Մեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, անգամ մը եւս ձեռնարկեց աղէտեալներուն օգնութեան, օրինակելի կանոնաւորութեամբ գործադրուող ծրագիր մը: Մինչեւ օրս կը շարունակուի այդ ծրագիրը որ անկեղծ գնահատանքով կը դիմաւորուի տուժած ընտանիքներու կողմէ:
Անսահման են դժբախտաբար ազգային կեանքին մէջ մշակութային, կրթական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ մեր կարիքները: Թ.Մ.Մ.-ը կը ջանայ կատարել իր առաւելագոյնը մանաւանդ միշտ ջանալով որ իր յատկացումները գործադրուին խղճամիտ եւ արդար կանոնաւորութեամբ:
–Հայտնի է, որ Թէքէեան Միութիւնը կարեւոր կրթական եւ մշակութային ծրագրեր էր իրականացնում նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնում։ Այժմ, Արցախի պարպումից յետոյ, բնականաբար վերափոխման են ենթարկուել նաեւ արցախեան ծրագրերը։ Խնդրեմ նշէք, թէ Միութիւնն ի՞նչ կորուստներ ունեցաւ Արցախում, եւ այժմ ի՞նչ ծրագրեր ունէք Հայաստան տեղափոխված արցախցիների համար։
-Սիրելի պրն. Ասադրեան, կ’ուզեմ նշել եւ շեշտել նախ եւ առաջ, թէ 1991-ին հետեւող Հայաստանի անկախացումէն՝ եւ ապա ազատագրուած Արցախի անկախ Հանրապետութիւն հռչակուելէն ետք, որպէս աւանդապահ Ռ.Ա.Կ. եւ կամ Թ.Մ.Միութեան ղեկավարութիւն, ոչ մէկ զատողութիւն դրած ենք Հայաստան եւ Արցախ երկու տարածաշրջաններուն նկատմամբ գործադրած մեր տարբեր կրթական կամ տնտեսական օգնութեանց յատկացուած նախաձեռնութեանց մէջ: Իրաւ է թէ Արցախը մեզ համար եւս, բոլոր հայերու շարքին, հոգեբանական եւ ազգասիրական յատուկ ջերմութիւն մը կը ներշնչէր բոլորիս:
1988-ական թուականներուն «Արցախը մերն է լոզունգով» միլիոնի հասնող մեր հայրենակիցներուն մեր մէջ արթնցուցած հայրենասիրական փոթորկումները իրենց մշտական ազդեցութիւնը թողեցին բոլորիս վրայ:
Մէկ խօսքով մեզմէ ոչ մէկուն երեւակայութեան անկիւնին մէջ իսկ նուազագոյն կասկածը կար որ օր մը կրնայ բազմադարեան Արցախը մէկ անգամէն 24 ժամուան ընթացքին օդը ցնդիլ եւ կորսուիլ…
Այս կ’ըսեմ բացատրելու համար թէ մեր ծրագիրներուն մէջ յատուկ նախընտրութիւն եւ զատորոշում երբեք չենք ունեցած երբ նկատի առած ենք թէ օժանդակութիւնը կերթայ Արցախ թէ Հայաստան…
Այս ըսելով հանդերձ մեր կարեւորագոյն յատկացումներէն մէկը կատարեցինք Բերձորի տպաւորիչ վարժարանին, որ տարիներու ընթացքին լքուած եւ հասած էր կառոյցային խղճալի վիճակի: Մեր կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ այդ դպրոցին ամբողջական վերականգնումը իր դասարաններով, տանիքով, լուացարաններով, փողոցներով եւայլն:
Այդ ծրագրէն ոչ միայն Ա.Մ.Ն. եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութիւնը յատկացուց իր մայր գումարներէն անհրաժեշտը, բայց մանաւանդ Մոնթրէալի Թ.Մ.Միութիւնը ինք՝ շատ կարեւոր չափով հովանաւորը եղաւ այդ նորոգութեանց: Բազմաթիւ դասարաններ այնտեղ անուանուած են ի յիշատակ նուիրատուներու սիրելիներուն կամ ուղղակի իրենց անունին:
Առաջին մեծ ցնցումը մեզ համար եղաւ երբ տարի մը առաջ նոյնպէս 24 ժամուայ ընթացքին փակուեցաւ Լաչինի անցքը եւ Բերձորի վարժարանը այդ վայրկեանէն, և անոր տարիներով տուած մեր հոգատարութիւնը,ամբողջութեամբ կորսնցուցինք:
Թ.Մ.Միութիւնը, նոյնպէս Մոնթրէալի իր մասնաճիւղի նախաձեռնող անդամներու անմիջական աշխատանքով, տարիներէ ի վեր կ’իրագործէր անհատական փոքր տնտեսական յաջող ծրագիրներ, յատկապէս գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան եւ մեղուաբուծութեան բնագաւառներուն մէջ: Ահա այդ բոլորը անհաւատալիօրէն շոգիացան մէկ օրուան մէջ՝ Արցախի ազգային աղէտին հետեւանքով:
Այսօր հազիւ թէ ամիսներ անց այդ աղէտէն, ուր իսկութեան մէջ իշխանութիւնները ոչ իսկ մէկ կազմակերպուած դիւանագիտական կամ տնտեսական նախաձեռնութիւն յանձն առած են ծրագրուած օժանդակութիւն յատկացնելու բռնագաղթած Արցախցիներուն: Ա.Մ.Ն. եւ Գանատա Թ.Մ.Մ.-ը առ այժմ ձեռնարկած է ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան ծրագիրներու գործադրութեան, առաջնահերթութեան կարգով ուղղուած ամենակարիքաւորներուն:
–Արցախի խնդրի հետ կապուած վերջերս գանատական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Գանատան աջակցում է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային քաղաքական լուծմանը։ Ասել է թէ, բանակցային գործընթացը շարունակւում է եւ պէտք է լուծումներ գտնել։ Դուք, որ երկար տարիներ եղել էք նաեւ հայ–գանատական յարաբերութիւնների ակտիւ մասնակիցը, ինչպէ՞ս էք գնահատում նման յայտարարութիւնները։ Գանատան այսօր իրապէս կարո՞ղ է օգնել Հայաստանին, թէ՞ միայն բաւարարւում է նման յայտարարութիւններով։ Ո՞րն է մեր սպասելիքը Գանատայից։
– Ձեր այս հարցումին եւս ամբողջական պատասխան տալու համար պէտք է կարճ ներածական մը կատարեմ, ետ երթալով մօտ վաթսուն տարիներ, 1960-ական թուականներուն՝ որոնց ընթացքին է որ արագ կերպով մեծցաւ եւ հաստատուն կառոյցներով ձեւ առաւ այսօրուան Գանատահայ 80 հազարի հասնող գաղութը:
Անկէ առաջ առաւելագոյնը մի քանի հազար հոգի հայեր հաստատուած էին Գանատայի մէջ, Եղեռնի վաղորդայնին: Գաղութային կազմակերպչական իմաստով սակայն, իսկութեան մէջ կշիռք չէին կրնար ներկայացնել ոչ հայ աշխարհին մէջ եւ ոչ ալ տեղական պետական կառոյցներուն մօտ:
Սկսելով 1960-ականներէն, Միջին Արեւելքէն գաղթը դէպի Գանատա ստացաւ աննախընթաց թափ:
Տեղը չէ այստեղ մտնելու համար Գանատահայ նոր գաղութին շատ արագ եւ յաջող զարգացման կարեւոր մանրամասնութեանց մէջ: Կարճ խօսքով սակայն կ’ուզեմ նշել թէ ոչ աւելի քան տասը տարիներու կարճ շրջանի մը ընթացքին կարողացանք Գանատահայ գաղութը իր կառոյցներով, հասցնել բազմատասնեակ տարիներու կեանք ունեցող յաջող այլ գաղութներու մակարդակին, ստեղծելով իր ուրոյն մշակութային, կրթական, հրատարակչական եկեղեցական եւ քաղաքական կարեւոր կառոյցները:
Այս արագ եւ լաւ հիմնաւորուած զարգացման կողքին, քաղաքականօրէն կարեւոր տուեալ մը հանդիսացաւ այն պարագան թէ նաեւ, ամենահայաբնակ՝ յատկապէս Օնթարիօ եւ Քէպէք նահանգներուն մէջ, Գանատայի Նահանգային թէ Ֆէտէրալ ընտրական կարեւոր շրջաններու մէջ հայ ծագումով բնակիչներու թիւը յաճախ այնքան մեծ է որ ան կրնայ ազդել ընդհանուր ընտրութեանց արդիւնքներուն վրայ: Այս բոլորով է որ հայ գաղութը թէ իր կառոյցներով որպէս լաւ կազմակերպուած գաղութ, եւ թէ իր թիւերով ընտրութեանց մէջ տեղ-տեղ զգալի ըլլալու իր կարողութեամբ , դարձած է որոշ չափով ազդեցութիւն ունենալու ատակ քաղաքական հաւաքականութիւն մը:
Առարկայական մէկ օրինակ մը տալու համար պիտի այստեղ յիշեմ թէ Գանատայի վերջին տարիներու երկու ԱԳՆ-եր որոնք նաեւ բանալի դեր կը կատարեն թէ իրենց Հայաստան այցելութիւններով եւ թէ ի վերջոյ Գանատայի առաջին դեսպանատունը հաստատելով Երեւանի մէջ, յանձին Սթէֆան Տիոնին եւ այսօրուան Մէլանի Ժոլիին, կը պատահին ըլլալ իմ բնակութեանս ընտրաշրջանին Լիպէրալ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Ոչ միայն ես անձնապէս իրենց հետ ունիմ անմիջական ծանօթութիւն այլ նաեւ անոնք անթիւ առիթներով ներկայ եղած են մեր կարեւոր շատ տարբեր ձեռնարկներուն:
Այս բոլորը ըսելով հանդերձ, մինչ հայ համայնքի հետ Գանատական դէմքերու այս անմիջական յարաբերութիւնը անխուսափելիօրէն կարեւոր դեր կը խաղայ որպէսզի տարբեր առիթներով անոնք հայաստանանպաստ կեցուածք դրսեւորեն եւ ունենան նաեւ ելոյթներ, ոչ մէկ կասկած կամ խաբկանք պէտք է ունենաք թէ երբ Հայաստանի հարցերը շաղկապուած կ’ըլլան միջազգային քաղաքականութեան յայտնի թէ անյայտ ներքին ծալքերուն հետ, Գանատան ինչպէս անցեալին այսուհետեւ եւս, գուցէ ստիպողաբար, պիտի դժբախտաբար հետեւի իր Նաթօ-ական եւ այլ տնտեսական շահերէն պահանջուած քայլերուն…:
Հարցազրոյցը վարեց
Յակոբ Ասատրեան