Ռուսական կողմը տեղեկացուած է «Զուարթնոց» օդակայանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման հայկական նախաձեռնութեան մասին: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Սկիզբէն, այս ռուս սահմանապահներու մասնակցութիւնը շարք մը կէտերու մէջ, ներառեալ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, մտածուած եղած է, իբրեւ աջակցութիւն նորանկախ հայկական պետականութեան: Նախատեսուած է այս գործառոյթը իրականացնել այնքան ժամանակ, որքան Հայաստան անոր կարիքը ունենայ, եւ երբ Հայաստան ունենայ իր հաստատութենական կարելիութիւնները այդ գործառոյթը ամբողջութեամբ պիտի կատարէ իր պետական մարմիններուն միջոցով:
«Եւ ահա հիմա մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաստատութենական առումով ի զօրու է «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ առանձին կատարել սահմանապահ ծառայութիւնը, եւ այս մասին ծանուցած ենք ռուսական կողմին: Կ’ենթադրեմ, որ ասիկա անոնց համար բաւարար պիտի ըլլայ, եւ հարցը այդքանով պիտի լուծուի», ըսած է ան:
Նախարարը նշեց, որ «խօսքը լիազօրութիւններու ամբողջ «թղթածրարի» մասին է: Հայկական կողմը ռուսական կողմին ծանուցած է, որ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ իրականացուող սահմանապահ ծառայութեան մէջ այլեւս ռուսական կողմի աջակցութեան կարիքը չենք զգար: Ի հարկէ շնորհակալ ենք ռուսական կողմին»: